Սահմանադրական դատարանը Սահմանադրութեան համապատասխանող ճանչցած է TRIPP-ի համաձայնագիրը։ Որոշումը կայացուած է Սեպտեմբեր 15-ին։
Սահմանադրական դատարանը հրապարակած է որոշումը:
Այժմ փաստաթուղթը պիտի ուղարկուի Ազգային ժողով՝ վաւերացման։
Յիշեցնենք, որ Օգոստոս 4-ին Սահմանադրական դատարանը քննութեան առած էր 2026 թուականի Յունիս 1-ին Ուաշինկթընի մէջ եւ Յունիս 4-ին Երեւանի մէջ ստորագրուած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (ԹՐԻՓՓ) նախագիծին վերաբերեալ ռազմավարական համագործակցութեան մասին շրջանակային համաձայնագիրին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւններուն՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցը։
Գործով զեկուցողը Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Էտկար Շաթիրեանն էր։