«Ռուսաստանցի խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխիքը դարձած են, անոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը` այս տարածաշրջանին խաղաղ կեանք վերադարձնելու համար»: Այդ մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
«10 Նոյեմբերէն ռուս խաղաղապահները սկսած են բարդ առաքելութիւն իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Անոնց ներկայութիւնը ռազմական գործողութիւններու դադարեցման մասին պայմանաւորուածութիւններու կատարման երաշխիքը դարձած է»,- երկուշաբթի ըսած է Փութին ՊՆ խորհուրդի ընդլայնուած նիստին:
Ան պարզաբանած է, որ ռուս խաղաղապահները շատ բան կը կատարեն մարդասիրական իրավիճակը բարելաւելու, փախստականներուն օգնելու, տարածքներու ականազերծման, ընկերային ենթակառուցուածքներու վերականգնման, մշակութային, պատմական եւ կրօնական յուշարձաններու պահպանման համար:
«Ցաւօք, կը վտանգեն իրենք իրենց՝ տալով կորուստներ, կը վտանգեն իրենց կեանքը, որպէսզի խաղաղ կեանքը վերականգնուի այդ հողին վրայ»,- շեշտած է ՌԴ նախագահը: