image

Ըստ նախագահ Փութինի՝ Ռուս զինուորները Արցախի խաղաղութեան երաշխիքն են

Ըստ    նախագահ Փութինի՝  Ռուս  զինուորները   Արցախի  խաղաղութեան  երաշխիքն են

«Ռուսաստանցի խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան երաշխիքը դարձած են, անոնք կը վտանգեն իրենց կեանքը` այս տարածաշրջանին խաղաղ կեանք վերադարձնելու համար»: Այդ մասին յայտարարած է ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

«10 Նոյեմբերէն ռուս խաղաղապահները սկսած են բարդ առաքելութիւն իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Անոնց ներկայութիւնը ռազմական գործողութիւններու դադարեցման մասին պայմանաւորուածութիւններու կատարման երաշխիքը դարձած է»,- երկուշաբթի ըսած է Փութին ՊՆ  խորհուրդի ընդլայնուած նիստին:

Ան պարզաբանած է, որ ռուս խաղաղապահները շատ բան կը կատարեն մարդասիրական իրավիճակը բարելաւելու, փախստականներուն օգնելու, տարածքներու ականազերծման, ընկերային ենթակառուցուածքներու վերականգնման, մշակութային, պատմական եւ կրօնական յուշարձաններու պահպանման համար:

«Ցաւօք, կը վտանգեն իրենք իրենց՝ տալով կորուստներ, կը վտանգեն իրենց կեանքը, որպէսզի խաղաղ կեանքը վերականգնուի այդ հողին վրայ»,- շեշտած է ՌԴ նախագահը: