image

Պելժիոյ թանգարանէն գողցած են Նափոլէոնին պատկանող մատանին

Պելժիոյ թանգարանէն գողցած են Նափոլէոնին պատկանող մատանին

Պելժիոյ մէջ թալանուած է Նափոլէոնի բնակարան-թանգարանը։ Երկու գողեր գողցած են Ֆրանսայի կայսրին պատկանող 18 քարաթանոց ոսկեայ մատանի՝ հինգ ադամանդներով, եւ ոսկի մետաղադրամներ։ Այս մասին հաղորդած է RTBF-ը։

Կ՚ենթադրուի, որ չարագործները ներխուժած են թանգարանի շէնք՝ կոտրելով պատուհանը։ Անոնք նաեւ վնասած են ապակեայ ցուցափեղկերը, որոնց մէջ կը պահուէր ցուցադրութեան մէկ մասը, եւ տարած են իրենց հետ: