image

Ըստ Google-ի Իրանցի ցանցահէններ գրոհած են Թրամփի եւ Պայտընի ընտրական շտաբները

Ըստ Google-ի Իրանցի ցանցահէններ գրոհած են Թրամփի եւ Պայտընի ընտրական շտաբները

Google-ի վերլուծութեան խումբը չորեքշաբթի տեղեկացուցած է, որ «APT42 ցանցահէններու խումբը, որ կապուած է Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատին հետ, գրոհած է մօտ տասներկու անձերու ելեկտրոնային նամակները, այդ անձերը կապուած են նախագահ Պայտընի եւ նախկին նախագահ Թրամփի հետ», գրած է Politico-ն։

Վերլուծութեամբ նշուած է, որ Google արգելափակած է APT42-ի բազմաթիւ փորձերը՝ «մտնելու այդ անձերու անձնական օգտահաշիւները, տեղեկացուցած է թիրախային ընկերութիւններուն եւ գործերը յանձնած իրաւապահ մարմիններուն»։ Սակայն հաշուետուութեան մէջ չէ հաստատուած, որ APT42-ը մասնակցած է այդ գրոհներուն, այլ նշուած է միայն այն, որ «Իրան հետաքրքրուած է նաեւ փոխնախագահ Քամալա Հարիսի ընտրարշաւով»։

Աւելի վաղ Թրամփի նախընտրական շտաբը յայտնած էր ցանցահէններու գրոհի մասին։ Հետաքննութիւններու դաշնային բիւրօն իր հերթին տեղեկացուցած է, որ հետաքննութիւն կ'իրականացնէ ստացած տեղեկութեան հետ կապուած։