image

Տաղաւար Տօնի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Պաղտատի մէջ

 Տաղաւար    Տօնի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ Պաղտատի մէջ

Օրերս Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւար- տօնին առթիւ Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուած է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պաղտատի Մէյտան շրջանին մէջ։

Ստորեւ այդ մասին Թեմի Առաջնորդարանին կողմէ տրուած լրատւութիւնը։

 

Կիրակի երեկոյեան, Սեպտեմբերի 1ին Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Մէյտանի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր արժ. Տ. Գէորգ քհն. Արշակեանը։ Պատմական եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հոգեպարար արարողութեան ներկայ եղաւ արժ. Տ Սեպուհ քհն. Պաղտասարեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետն Պարոն Կարապետ Գալուստեանը ու Եկեղեցապան Մարմինի անդամներէն ոմանք։