Ուքրանիոյ «Storm Shadow» հրթիռներով Ռուսիոյ տարածքի թիրախները հարուածելու թոյլտուութիւն տալու որոշումն արդէն ընդունուած է, պնդած է Guardian թերթը՝ վկայակոչելով Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան աղբիւրները:
Այս մասին հաղորդած է ՌԻԱ Նովոսթի։
«Բրիտանական կառավարութեան աղբիւրները յայտնած են, որ արդէն որոշում կայացուած է թոյլ տալ Ուքրանիոյ, որ օգտագործէ «Storm Shadow» հրթիռները Ռուսիոյ թիրախներուն դէմ»,- ըսուած է հրատարակութեան մէջ։