image

Իրանցի բարձրաստիճան գործիչը Մոսկուա մեկնած է. Միջանցքի հարցով քննարկումներ պիտի կայացուին

Իրանցի բարձրաստիճան գործիչը Մոսկուա մեկնած է. Միջանցքի հարցով քննարկումներ պիտի կայացուին

Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար, երկրի Գերագոյն առաջնորդի ներկայացուցիչ Ալի Աքպար Ահմատիան մեկնած է Ռուսիա՝ մասնակցելու ՊՐԻՔՍ-ի անդամ երկիրներու անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հանդիպման: Այս մասին յայտնած է isna.ir:

Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղարը նաեւ կը նախատեսէ երկկողմանի բանակցութիւններ վարել որոշ գործընկերներու եւ ռուս պաշտօնեաներու հետ Զանգեզուրի միջանցքի շուրջ։

«Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղարը հանդիպման ժամանակ պիտի քննարկէ քաղաքական, անվտանգութեան եւ տնտեսական ոլորտներուն մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւորագոյն տարածաշրջանային, միջազգային զարգացումները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, միջանցքներու, ուժանիւթի եւ այլնի վերաբերեալ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դիրքորոշումները», - նշած է կայքը: