image

Իրանցի դեսպանը դարձեալ շեշտեց. «Միջանցքի մասին երազը իրականութիւն պիտի չդառնայ»

Իրանցի դեսպանը դարձեալ շեշտեց. «Միջանցքի մասին երազը իրականութիւն պիտի չդառնայ»

Իրան կը վստահեցնէ, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը» չի կրնար իրականութիւն դառնալ։ Այդ մասին յայտարարած է ՀՀ–ի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի։

«Այն երազները, որոնք ոմանք կը տեսնեն Հայաստանի մասին տարբեր անուանումներով, ներառեալ` այսպէս կոչուած «միջանցքի» մասին, իրականութիւն չեն դառնար»,– ըսած է ան։

ՀՀ–ի մօտ Իրանի դեսպանը անգամ մը եւս հաստատած է, որ Իրան կ'աջակցի ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան, ազգային ինքնիշխանութեան եւ անկախութեան, ու աւելցուցած, որ ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը իրենց համար «կարմիր գիծ» է։

Թեհրան բազմիցս յայտարարած է, որ դէմ է Հայաստանի տարածքով արտատարածքային միջանցքի բացման։ Ինչպէս յուլիսի վերջին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ ըսած էր Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէին, Թեհրան նախկինին պես կը կարծէ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի գաղափարը չի բխիր Հայաստանի շահերէն: Խամենէին ընդգծած էր Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան կարեւորութիւնը եւ նշած, որ հայ-իրանական յարաբերութիւնները կը զարգանան փոխադարձ շահերու հիման վրայ՝ անկախ այլ երկիրներու քաղաքականութենէն: