image

Կիրանցի մէջ ապրիլը, երբեք այսքան անվտանգ չէ եղած. Փաշինեան 


Կիրանցի մէջ ապրիլը, երբեք այսքան անվտանգ չէ եղած. Փաշինեան   


Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի հետ շրջայց կատարած է հանրապետութեան նոր կառուցուած որոշ դպրոցներու մէջ, ծանօթացած կատարուած աշխատանքներուն եւ ստեղծուած պայմաններուն:

Շրջայցի ծիրէն ներս անոնք այցելած են  նաեւ Տաւուշի մարզի Կիրանցի Գագիկ Վարդանեանի անուան հիմնական դպրոցը: Կիրանցի մէջ կառուցուած է մոտուլային դպրոց: Ծրագրի ընդհանուր արժէքը կազմած է աւելի քան 737 միլիոն դրամ: Նորակառոյց դպրոցը նախատեսուած է 100 երեխայի համար: Դպրոցն ապահովուած է ամբողջական գոյքով:

Վարչապետը Կիրանցի նորակառոյց դպրոցին մէջ անդրադարձած է անվտանգային հարցերուն, մասնաւորապէս՝ դպրոց յաճախելու վերաբերեալ. «Ես ուզում եմ պատասխանատու կերպով ասել, որ Հայաստանի անկախութեան պատմութեան մէջ երբեք Կիրանցում դպրոց գնալն աւելի անվտանգ չի եղել, քան այսօր,  երբեք Կիրանցում ապրելն աւելի անվտանգ չի եղել, քան այսօր: Եւ սա շատ կարեւոր արձանագրում է»: Նիկոլ Փաշինեան աւելցուցած է՝ երբ կ'ըսեն, որ Կիրանցի մէջ դպրոց երթալը անվտանգ է, ինքնին պէտք է նշանակէ, որ ատրպէյճանական Խէյրիմլի գիւղի մէջ ալ դպրոց երթալը նոյնքան եւ նոյնպէս անվտանգ է:

Կառավարութեան ղեկավարն ընդգծած է, որ այն ինչ տեղի ունեցած է Կիրանցի մէջ՝ սահմանազատման գործընթացը, ահռելի յաջողութիւն է մեր պետութեան համար: «Սա մեծ յաջողութիւն է, որովհետեւ երբ դու չգիտես որտեղ է սկսւում եւ աւարտւում քո պետութիւնը, հարց է առաջանում՝ դու պետութիւն ունե՞ս, թէ՞ չունես:  Մենք Հայաստանի անկախ, ինքնիշխան, սուվերեն (ինքնիշխան), ուժեղ, խաղաղ պետութեան առաջին լրջագոյն անկիւնաքարը դրել ենք Կիրանցում»,- ըսած է վարչապետ Փաշինեան:

Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ նորակառոյց դպրոցը Կիրանցի վերածնունդի ամենակարեւոր խորհրդանիշն է, բայց նաեւ մեր ինկած բոլոր եղբայրներու ամենախօսուն եւ ամենակարեւոր յուշարձանը:

«Փա՛ռք նահատակներին,

Եւ կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը,

Կեցցէ՛ Կիրանցը եւ կեցցե՛ն մեր երեխաները, որոնք այսօր մուտք գործեցին Կիրանցի նորակառոյց դպրոց»,- ամփոփած է վարչապետը: