Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ համոզում յայտնած է, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրուի մօտ ապագային, «եթէ միայն Երեւանը դարձեալ չփոխէ իր դիրքորոշումը», կը տեղեկացնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Հայաստանի կողմէ մեր տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալէն ետք խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար լուրջ խոչընդոտներ գործնականի մէջ չեն մնացած։ Մօտ ապագային, եթէ Հայաստանը դարձեալ չփոխէ իր դիրքորոշումը, խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ ստորագրուիլ»,-ըսած է Ալիեւ Լաչին (Բերձոր - խմբ․) կատարած այցի ժամանակ։
Ըստ անոր, եթէ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի, ապա «այդ շատ լաւ է»։
Միաժամանակ ան նշած է, որ «անգամ եթէ պայմանագիրը չստորագրուի, ամէն պարագայի Ատրպէյճանը ոչ մէկ խնդիր կ'ունենայ»։
«Քանի որ մենք զօրաւոր կողմն ենք, մենք զօրաւոր դիրք ունինք բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, մենք զօրաւոր դիրք ունինք սահմանին։ Նոյնիսկ եթէ խաղաղութեան համաձայնագիրը չստորագրուի, մենք պիտի ապրինք հարմարաւէտ եւ անվտանգ պայմաններու մէջ»,-ըսած է ան։