Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը Truth Social-ի իր էջով բաժնեկցած է իր յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին նուիրուած յօդուածով։
Ուիթքոֆը Washington Examiner-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին մէջ նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ համաձայնութիւնը վերջ դրած է աւելի քան 35 տարի տեւած հակամարտութեան՝ ընդգծելով Թրամփի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դերակատարութիւնը խաղաղութեան գործընթացին մէջ։
Ան նաեւ անդրադարձած է Ատրպէյճանի հիմնական մասը Նախիջեւանի հետ կապող հաղորդակցութեան ապահովման խնդրին, որուն շրջածիրէն ներս ձեւաւորուած է TRIPP երթուղիի գաղափարը՝ Հայաստանի տարածքով՝ երկրի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգմամբ։
«Հարաւային Կովկասը այսօր աւելի ապահով եւ կայուն է, որովհետեւ Թրամփը, Ալիեւը եւ Փաշինեանը ընտրեցին արդիւնքները, ոչ թէ հռետորաբանութիւնը»,– գրած է Ուիթքոֆը։
