image

Յակոբ Ատալեանի յիշատակին...

Յակոբ Ատալեանի յիշատակին...

Անվերադարձ Բաժնուեցաւ Յակոբ Ատալեան

Մեծ է ցաւը Ատալեան ընտանիքին եւ խորունկ է վիշտը բոլոր անոնց որոնք մօտէն կը ճանչնային պատուական հայորդի Յակոբ Աատալեանը: Ան մեզմէ հեռացաւ Յուլիսի 22ին, 2021 առաւօտուն, յետ երկարատեւ հիւանդութեան, խոր սուգի մատնելով իր հարազատներն ու բարեկամական լայն շրջանակը: Յատկապէս «Շիրակաշէն»ի խմբակցութեան անդամները, որոնց երկարատեւ սիրելի նախագահն էր ան: Դժբախտաբար չի կրցաւ գոնէ սիրելիներով շրջապատուած հրաժեշտ տալ կեանքին որուն այնքան կառչած էր:

Յակոբ Ատալեան ծնած է 15 Մարտ, 1933ին, իր ծնողները` Ստեփան եւ Վարդուհի բնիկ պուրսացի էին եւ մեծ եղեռնէն վերապրողներ: Նախնական ուսումը Հալէպ ստանալէ ետք ընտանեօք կը փոխադրուին Պէյրութ: Ան կեանքի պայմաններու բերումով` կը սկսի աշխատիլ Ուզունեան զգեստեղէնի հաստատութեան մէջ:

Այստեղ կը ծանօթանայ իր կեանքի ապագայ ընկերուհիին «Միմի»ին (Միրէյ Մերճանեանի) հետ եւ 1958ին ամուսնանալով կը կազմեն ընտանեկան երջանիկ բոյն մը:

Կը բախտաւորուին երկու զաւակներով`Թանիա եւ Զարեհ: Անոնք եւս ամուսնանալով կը բախտաւորուին երեք թոռներով` Ուիլիըմ, Սէլիա եւ Ճորճ:

1976ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, Ատալեանները կը փոխադրուին Փարիզ: Այստեղ որպէս արհեստավարժ պաշտօնեայ Յակոբ կ'ընդունուի Շան Զելիզէի նշանաւոր «Սէլիօ» հագուստեղէնի հաստատութեան մէջ, որպէս բաժնի վարիչ: Հանգուցեալը զայն կը կատարէ մեծ ձեռնհասութեամբ ու նուիրումով:

Այնուհետեւ կը նշանակուի այդ հաստատութեան տնօրէն եւ հոն կը գործէ շուրջ 25 տարի:

Յակոբ Ատալեան հանգստեան կոչուելէ ետք, կը փոխադրուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, նախընտրելով բնակիլ Լոս Անճելոս, իր մերձաւորներուն մօտ:

Իր նախասիրութիւններէն մաս կազմած է զբօսաշրջութիւնը ու ընթերցանութիւնը: Շրջած է տարբեր ցամաքամասերու տասնեակ մը երկիրներ, ծանօթանալու անոնց յուշարձաններուն, ընկերային կեանքին եւ տեսարժան վայրերուն:

Լոս Անճելոսի մէջ ան հեռու չի մնար հայ համայնքէն: Շուտով կը միանայ «Շիրակաշէն» խմբակցութեան: Հոն կը հետեւի հայ մտաւորականներու շաբաթօրեայ հանդիպուներուն եւ յարատեւոօրէն գործնական մասնակցութիւն կ'ունենայ: Հանգուցեալը վերջին տասնամեակին, մեծ հեղինակութեամբ կը վարէր «Շիրակաշէն»ի ատենապետութիւնը, միշտ վայելելով անդամներուն եւ համակիրներուն անվերապահ սէրն ու համակրանքը:

Յակոբ Ատալեան միաժամանակ ատենապետն էր Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Չեսթուըրթ քաղաքի «Հայ Տուն»ի վարչութեան: Ան մեծ ներդրում ունեցաւ այս կազմակերպութեան գոյատեւման եւ յառաջդիմութեան մէջ, միշտ մնալով պատնէշին վրայ, շրջապատին օգտակար հանդիսանալու լաւագոյն տրամադրութիւններով:

Հանգուցեալի առօրեայ հետաքրքրութեանց եւ մտահոգութեան մաս կը կազմէին նախ իր ընտանիքը, յատկապէս իր կինը, «Միմի»ն, որուն հանդէպ մեծ սէր եւ գուրգուրանք ունէր եւ ապա հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութեան կեանքն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները: Համացանցի վրայ ամէն առաւօտ կը հետեւէր հայ մամուլի հաղորդումներուն եւ վերջին իրադարձութիւններուն: Հաւատաւոր ընթերցող մըն էր նաեւ «Մասիս»ի:

Յակոբ Ատալեան ինքնուրոյն անձնաւորութիւն մըն էր, եւ հաճելի զրուցակից մը: Փոքր համայնագիտարան մը, այլազան նիւթեր ընդգրկող: Կեանքի փորձառութիւններով հարստացած իմաստուն խորհրդատու մըն էր: Իսկ ընկերային շրջանակներու մէջ հաճելի զուարթախօս մը: Իր դիպուկ կատակներով ջերմ մթնոլորտ ստեղծող մըն էր: Ընդհանրապէս իր զորյցները` «համով հոտով» էին...: Շատեր օգտուեցան իր ինքնուրոյն խօսքերէն:

Յաւերժի ճամբորդ Յակոբի նշանաբաններէն մին էր. «Առողջ տրամաբանութիւն, դիտելու աշխարհը ու ամէն ինչ դիմաւորել լաւատեսութեամբ...»:

Հանգիստ իր բազմատառապ աճիւններուն:

 

Նիւթը՝ «Մասիս»էն