Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին կոչ ըրած է սահմանափակուելու Լիբանանի դէմ իրականացուող կէտային հարուածներով։
«Ես Նաթանիահուին ըսի, որ ան պէտք է գործէ միայն կէտային հարուածներ հասցնելով, շէնքերը չքանդէ։ Ասիկա չափազանց սարսափելի է եւ Իսրայէլը վատ ձեւով կը ներկայացնէ»,– ըսած է Թրամփը Axios լրատուականին։
Չնայած Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յայտարարուած հրադադարին, իսրայէլեան օդուժը եւ հրետանին կը շարունակեն ամէն օր յարձակումներ գործել Լիբանանի հարաւին վրայ։