image

ՔՊ 26,7%, «Ուժեղ Հայաստան»՝ 14,1%, «Հայաստան»՝ 8,2%, ԲՀԿ՝ 7,9%, «Միասնութեան թեւեր»` 4,2%․ ընկերային հարցում

ՔՊ 26,7%, «Ուժեղ Հայաստան»՝ 14,1%, «Հայաստան»՝ 8,2%, ԲՀԿ՝ 7,9%, «Միասնութեան թեւեր»` 4,2%․ ընկերային հարցում

Եթէ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենան յաջորդ Կիրակի, 26,7 տոկոսը պիտի քուէարկէ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, 14,1 տոկոսը՝ «Ուժեղ Հայաստան»-ին, 8,2 տոկոսը՝ «Հայաստան» դաշինքին, 7,9 տոկոսը՝ «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի օգտին, 4,2 տոկոսը՝ «Միասնութեան թեւեր»-ու օգտին։ «Դեմոկրատիա-օրէնք կարգապահութիւն» կուսակցութիւնը կը ստանայ 3,1 տոկոս, «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 2,7 տոկոս, «Հայաստանի շնորհապետական» կուսակցութիւնը՝ 2,3 տոկոս, «Նոր ուժ» կուսակցութիւնը՝ տոկոս, «Հանրապետութիւն» կուսակցութիւնը՝ 1,7 տոկոս։

Այս մասին կը վկայեն «Gallup International Association»-ի Հայաստանի մէջ լիիրաւ անդամ՝ Էմ Փի Ճի-ի հարցման արդիւնքները։

«Ընդհանրապէս չեմ քուէարկեր» ըսած է 5,7 առ հարիւրը, «կը փճացնեմ քուէաթերթիկը»՝ 3,3 առ հարիւրը, դժուարացած է պատասխանել՝ 8 առ հարիւրը, իսկ հարցուածներուն 8,3 առ հարիւրը հրաժարած է պատասխանելէ։

Նշենք, որ կատարուած են հեռաձայնային հարցումներ, հարցուածներու թիւը՝ 1,101, հետազօտութեան ընտրանքային սխալը՝ 3 տոկոս, իսկ հետազօտութեան իրականացման ժամանակահատուածը՝ Ապրիլ 27-29։