image

ԱՄՆ կ՚առաջարկէ նոր միջազգային դաշինք ստեղծել Հորմուզի նեղուցին մէջ ազատ նաւագնացութեան համար

ԱՄՆ կ՚առաջարկէ նոր միջազգային դաշինք ստեղծել Հորմուզի նեղուցին մէջ ազատ նաւագնացութեան համար

Միացեալ Նահանգները շարք մը երկիրներու կ՚առաջարկէ միանալ նոր միջազգային դաշինքի՝ Հորմուզի նեղուցով նաւերու անարգել անցումը վերսկսելու համար։ Այս մասին կը յայտնէ The Wall Street Journal-ը՝ յղում կատարելով Արտաքին գործոց նախարարութեան հեռագիրին։

«Այս նախաձեռնութիւնը, որ ստացած է «Ազատ նաւագնացութեան ծովային դաշինք» անուանումը, ներկայացուած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Ապրիլ 28-ին դեսպանատուներուն ուղարկուած ներքին հեռագիրով։ Անոր մէջ ամերիկացի դիւանագէտներուն կոչ կ՚ըլլայ՝ յորդորելու օտարերկրեայ կառավարութիւններուն միանալու նախաձեռնութեան»,– հաղորդած է հրատարակութիւնը։

Հեռագիրին համաձայն՝ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ նոր դաշինքը տեղեկութիւններ պիտի փոխանակէ, պիտի համակարգէ դիւանագիտական ջանքերը եւ պիտի ապահովէ պատժամիջոցներու պահպանումը։

Կ՚ենթադրուի, որ առաքելութիւնը համատեղ պիտի իրականացուի Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութեան (CENTCOM) կողմէ։

Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած էր, որ Իրանի ծովային շրջափակումը արդիւնաւէտ է եւ որ ինք մտադիր չէ զայն վերացնելու՝ մինչեւ կողմերը համաձայնութեան չգան իրանական միջուկային հարցին շուրջ։