Միացեալ Նահանգները պարտուած է Իրանի դէմ պատերազմին եւ այժմ կը փորձէ այդ բացը լրացնել բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։ Այս մասին «ԹԱՍՍ»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Եգիպտոսի մէջ Իրանի դեսպան Մոժթապա Ֆերտուսի Փուրը։
«Միացեալ Նահանգները պարտուած է թէ՛ մարտի դաշտին մէջ, թէ՛ համաշխարհային տնտեսութեան տեսանկիւնէ, թէ՛ ուժանիւթի ոլորտին մէջ եւ թէ՛ արժութային ոլորտին մէջ, քանի որ տոլարով հաշուարկները կը կրճատուին։ Անոնք պարտութիւն կրած են, բայց կը փորձեն յաղթանակի հասնիլ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ եւ դիւանագիտութեան միջոցաւ»,– նշած է դեսպանը։
Դեսպանը ընդգծած է, որ իրականացուած բազմաթիւ յարձակումներէն ետք Իրանն այժմ իրեն իրաւունք կը վերապահէ հանդէս գալու ոչ թէ բանակցողի, այլ հակառակ կողմին սեփական պահանջներ ներկայացնողի դիրքերէ։