Լիբանանեան «Ալ-ախպար» օրաթերթը հետաքննական նիւթ մը հրապարակած է օրերս մամուլի մէջ շրջանառութիւն ունեցած թեմայի մը մասին:
Խօսքը Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ կապ ունեցող «Կամազ» ընկերութեան եւ Լիբանանեան բանակի միջեւ կնքուած գործարքին մասին է, որ անցնող շաբաթ տապալած էր:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս գործարքի տապալման մէջ ժխտական մեծ դեր ունեցած է Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, որ ըստ թերթին, կարեւոր կապեր ունի ամերիկեան կողմերու հետ, հետեւաբար ան նաեւ ենթարկուած է ճնշումներու եւ ստիպուած եղած է միջամտել, որպէսզի գործարքը տապալի:
Կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատունը շատ ծանր պայմաններ դրած է «Կամազ» ընկերութեան վրայ եւ վերջինս հրաժարած է շարունակել գործարքը Լիբանանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ:
Կը նշուի նաեւ, որ եղած գործարքին հիմամբ, ռուսական աւելի քան հարիւր զինուորական կառքեր պիտի փոխանցուէին լիբանանեան բանակին:
Յայտնենք, որ անցեալ շաբաթ նոյնպէս ռուսական տարբեր աղբիւրներ իրենց վրդովմունքը յայտնած էին այս գործարքի ձախողութեան մասին: