«Համաս»-ը պիտի մերժէ Կազայի մէջ հրադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման վերաբերող Միացեալ Նահանգներու վերջին առաջարկը։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին BBC-ին յայտնած է «Համաս»-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայ մը, որուն անունը չէ նշուած։
Սպիտակ Տունը Մայիս 29-ին յայտարարած էր, թէ Իսրայէլը «հաստատած է» Միացեալ Նահանգներու բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի ծրագիրը եւ կը սպասէ «Համաս»-ի պաշտօնական պատասխանին։
Իսրայէլեան լրատուամիջոցները, յղում ընելով իսրայէլցի պաշտօնեաներուն, յայտնած են, թէ «Համաս»-ը պիտի վերադարձնէ երկու փուլով 10 ողջ մնացած պատանդներ եւ 18 մահացած պատանդներու դիերը՝ 60-օրեայ հրադադարի եւ իսրայէլեան բանտերու մէջ գտնուող պաղեստինցի բանտարկեալներու ազատ արձակման դիմաց։
«Համաս»-ի պաշտօնեան, սակայն, նշած է, թէ առաջարկը չի բաւարարեր հիմնական պահանջները, ներառեալ՝ պատերազմի դադրեցումը։
Իսրայէլի կառավարութիւնը մեկնաբանութիւն չէ տրամադրած, սակայն վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն, ըստ տեղեկութիւններու, Մայիս 29-ին պատանդներու ընտանիքներուն յայտնած է, թէ կ՚ընդունի Ուիթքոֆի ծրագիրը։
Al Jazeera-ի համաձայն՝ «Համաս»-ը յայտարարած է, թէ ստացած է Միացեալ Նահանգներու բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի առաջարկը եւ զայն կ՚ուսումնասիրէ մեծ պատասխանատւութեամբ։
Իսրայէլը Մարտ 18-էն ի վեր Կազայի վրայ ամբողջական շրջափակում սահմանած է եւ վերսկսած է «Համաս»-ի դէմ ռազմական յարձակումները՝ խախտելով Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած հրադադարի համաձայնագիրը՝ փորձելով այդ միջոցով ճնշում գործադրել «Համաս»-ի վրայ, որպէսզի ազատ արձակէ 58 իսրայէլցի պատանդներ, որոնցմէ առնուազն 20-ը, ենթադրաբար, ողջ են։
Մայիս 19-ին իսրայէլեան բանակը ընդլայնուած յարձակում սկսած է՝ նպատակ ունենալով վերահսկողութիւն հաստատել ամբողջ Կազայի գօտիին վրայ։
Օրեր առաջ Իսրայէլը 11 շաբաթեայ շրջափակումէն ետք արտօնած է սահմանափակ քանակով մարդասիրական օգնութեան մուտք պաղեստինեան անկլաւ, սակայն ՄԱԿ-ի գնահատումով՝ այդ օգնութիւնը բաւարար չէ բնակչութեան կարիքներուն համար։