image

Էսթոնիոյ նախագահը ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը

Էսթոնիոյ նախագահը ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական այցի երկրորդ օրը մեկնարկած է Էսթոնիայի Հանրապետութեան նախագահական նստավայր այցով, ուր վարչապետը գրառում կատարած է պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էսթոնիայի Հանրապետութեան նախագահ Ալար Քարիսի հանդիպումը:

Էսթոնիայի նախագահը ողջունած է ՀՀ վարչապետի պաշտօնական այցը եւ համոզմունք յայտնած է, որ այն նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկու երկիրներու միջեւ բազմակողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման: Ալար Քարիսը նշած է հայ եւ էսթոնացի ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բազմադարեայ կապերը՝ ընդգծելով, որ ատոնք լաւ հիմք են երկկողմ համագործակցութեան ընդլայնման համար:

Վարչապետ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ ընդգծած, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Էսթոնիոյ հետ յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած են փոխադարձ յարգանքի եւ բարեկամութեան պատմական աւանդոյթներու վրայ: Ան ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն բարձր մակարդակի փոխայցելութիւնները կը վկայեն երկուստեք յանձնառութեան մասին՝ ամրապնդելու Հայաստան-Էսթոնիա օրակարգը եւ զարգացնելու քաղաքական երկխօսութիւնը նոր որակի:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման, պետական կառավարման, տնտեսութեան եւ արդարադատութեան ոլորտներու մէջ իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքը: Վարչապետ Փաշինեանը կարեւորած է այս ուղղութեամբ Էսթոնիայի աջակցութիւնը եւ փորձի փոխանակումը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին: Նիկոլ Փաշինեանը նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Էսթոնիոյ անսասան աջակցութիւնը ՀՀ կառավարութեան՝ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Էսթոնիոյ յստակ դիրքորոշումը Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան պաշտպանութեան հարցով:

Ալար Քարիսը ողջունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ այն հնարաւորինս շուտ կը ստորագրուի: Էսթոնիայի նախագահը վերահաստատած է իր երկրի աջակցութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովման ջանքերուն:

Կողմերը միտքեր փոխանակած են նաեւ Հայաստան-Եւրոպական միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ համագործակցութեան ընդլայնման շուրջ: