ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը ԱՄՆ պետքական արտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ ընդգծած է, որ ԱՄՆ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի կողմէ Ուքրանիա զէնքի մատակարարումը կ'երկարացնէ հակամարտութիւնը եւ կը բազմապատկէ զոհերը։
«Պետական քարտուղարի ուշադրութիւնը հրաւիրուեցաւ այն փաստի վրայ, որ խաղաղ բնակչութեան դէմ լայնօրէն կիրառուող ամերիկեան եւ ՆԱԹՕ-ի զինատեսակներով Ուքրանիոյ զինուած ուժերու եւ ազգային գումարտակներու շարունակական զինումը միայն կ'երկարացնէ ռեժիմի հոգեվարքը.. Կիեւի մէջ՝ երկարցնելով հակամարտութիւնը եւ բազմապատկելով զոհերը»,- նշած են ՌԴ ԱԳՆ-էն։