image

Թրամփ պատրաստ է աւարտելու հակամարտութիւնը Իրանի հետ. WSJ

Թրամփ պատրաստ է աւարտելու հակամարտութիւնը Իրանի հետ. WSJ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կրնայ յայտարարել Իրանի դէմ պատերազմին Ուաշինկթընի յաղթանակին մասին, եթէ Թեհրան համաձայնի ամբողջութեամբ բանալ Հորմուզի նեղուցով նաւերու անցքը. ամերիկացի առաջնորդը պատրաստ է Իրանի հետ հակամարտութիւնը աւարտելու նաեւ առանց միջուկային ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրի։ Այս մասին կը գրէ The Wall Street Journal (WSJ) պարբերականը՝ վկայակոչելով ամերիկեան վարչակազմի անանուն պաշտօնեաներ։

Ըստ անոր տեղեկութիւններուն՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահը առանձին զրոյցներու ընթացքին «բարձրաստիճան օգնականներուն յայտնած է այն միտքը, որ ինք կ՚ուզէ դուրս գալ հակամարտութենէն առանց միջուկային համաձայնագիրի»։ Վերջին քանի մը շաբաթներուն ան իր ենթականերուն նաեւ ըսած է, որ 2025-ին միջուկային կառոյցներու ոչնչացումէն ետք Թեհրան պիտի չկարենայ վերսկսիլ իր աշխատանքները միջուկային ծրագիրին ուղղութեամբ՝ մինչեւ իր նախագահական ժամկէտին աւարտը, իսկ եթէ Իրան նման փորձեր կատարէ, ամերիկեան հետախուզութիւնը պիտի կարենայ զանոնք ժամանակին բացայայտել։

Եթէ Միացեալ Նահանգները յաջողի հասնիլ Հորմուզի նեղուցով նաւագնացութեան վերականգնման եւ Իրանի միջուկային ծրագիրը վերահսկողութեան տակ պահելու, Թրամփ կրնայ հրադադարի դրութիւնը երկարաձգել անորոշ ժամանակով եւ վերացնել իրանական նաւահանգիստներու շրջափակումը։

Յիշեցնենք, որ օգոստոս 2-ին Թրամփ յայտնած էր, որ համաձայնած է չեղարկել Իրանի վրայ ծրագրուած հզօր հարուածը՝ Թեհրանի հետ համաձայնութեան հասնելու նպատակով։ Անոր խօսքով՝ Իրանը եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրները խնդրած էին Ուաշինկթընէն զերծ մնալ յարձակումէն, քանի որ կողմերը համաձայնեցուցած էին ապագայ համաձայնագիրին ուրուագիծը։

 

Օգոստոս 5-ին Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Էսմայիլ Պաղային յայտարարած էր, որ Իրանն ու Օմանը համաձայնեցուցած են Հորմուզի նեղուցով նոր երթուղիի աշխարհագրական կէտերու չափագրումները։ Միեւնոյն ժամանակ, ան ընդգծած էր, որ Թեհրանի եւ Մասքաթի միջեւ ապագայ համաձայնագիրը չի նախատեսեր նեղուցի անմիջական բացումը. այս հարցը կախուած է Միացեալ Նահանգներու գործողութիւններէն։