image

Ուքրանիոյ վերեւ ոչ-թռիչքային գօտի ստեղծելը մեղսակցութիւն է

Ուքրանիոյ վերեւ ոչ-թռիչքային գօտի ստեղծելը մեղսակցութիւն է

Ուքրանիոյ վրայ ոչ թռիչքային գօտի ստեղծելու այլ երկիրներու փորձերը Ռուսաստան որպէս ռազմական գործողութիւններուն մասնակցութիւն կը դիտարկէ։ Այս մասին շաբաթ օր ռուսական օդանաւային ընկերութիւններու կին օդաչուներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութին, հաղորդած է ԹԱՍՍ։

«Հիմա մենք կը լսենք, որ պէտք է ոչ թռիչքային գօտի ստեղծել Ուքրանիոյ տարածքին վրայ։ Այդ անհնար է ընել Ուքրանիոյ տարածքին մէջ, այլ հնարաւոր է միայն որոշ հարեւան պետութիւններու տարածքը։ Բայց այս ուղղութեամբ ցանկացած շարժում մեր կողմէն կը դիտարկուի որպէս զինուած հակամարտութեան մասնակցութիւն այն երկրի կողմէ, որու տարածքէն սպառնալիքներ կը ստեղծուին մեր զինծառայողներուն համար։ Մենք նոյն վայրկեանին զանոնք որպէս ռազմական հակամարտութիւններու մասնակիցներ կը դիտարկենք, եւ արդէն միեւնոյն է, թէ որ կազմակերպութիւններու անդամ կը հանդիսանան»,- ըսած է Փութին։