image

Ռուսիան Ուքրանիոյ ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 120 ԱԹՍ, իսկ Քիեւը հարուածած է Սոչիի մէջ նաւթի պահեստը

Ռուսիան Ուքրանիոյ ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 120 ԱԹՍ, իսկ Քիեւը հարուածած է Սոչիի մէջ նաւթի պահեստը

Ուքրանիոյ ռազմաօդային ուժերու տուեալներով՝ սեպտեմբեր 4-ի գիշերը ռուսական ուժերը յարձակած են Ուքրանիոյ վրայ Խ-31Պ կառավարուող հրթիռով եւ «Շահետ» դասի 121 գրոհային անօդաչու թռչող սարքով։ Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը խոցած են 103 անօդաչու թռչող սարք։ Հրետակոծումներ գրանցուած են 15 վայրերու մէջ, իսկ բեկորներ ինկած են վեց վայրերու մէջ։

Քիեւի մարզը սեպտեմբեր 4-ի գիշերը կրկին ենթարկուած է ռուսական ուժերու յարձակման։ Սոֆիեւսքա Պորշահիվքայի մէջ հարուածի հետեւանքով վնասուած են պահեստներ։

Օտեսայի մարզի իշխանութիւնները յայտնած են, որ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներուն հասցուած հարուածներուն հետեւանքով «ոչնչացած են երկու մասնաւոր տուն, ոչ բնակելի շէնք եւ մէկ փոխադրամիջոց»։ Ըստ տեղեկութիւններուն՝ մէկ մարդ զոհուած է, առնուազն երեքը՝ վիրաւորուած։

Բացի այդ, փրկարարները յայտնած են, որ Զափորոժիէի բարձրայարկ շէնքի վրայ անօդաչու թռչող սարքերու յարձակման հետեւանքով կին մը վիրաւորուած է, իսկ եօթներորդ յարկի երկու բնակարաններ հրդեհուած են։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ յայտնած է Ուքրանիոյ ուղղութեամբ հարուածներու մասին՝ նշելով, որ սեպտեմբեր 4-ի գիշերը ռուսական ուժերը հարուածած են Քիեւի մարզին մէջ գտնուող մատակարարման կեդրոնը, ինչպէս նաեւ Օտեսայի մարզի երկու նաւահանգիստներ, ուր հարուածներ հասցուած են զէնք փոխադրող երկու բեռնատար նաւու։ Բացի այդ, յարձակման ենթարկուած է Օտեսայի մարզի ելեկտրական ենթակայանը։

 

Ուքրանական ուժերն ալ հարուածներ հասցուցած են Ռուսիոյ։ Քրասնոտարի երկրամասի իշխանութիւնները յայտնած են, որ Սոչիի եւ Սիրիուսի դաշնային տարածքին վրայ ուքրանական յարձակման հետեւանքով նաւթի պահեստի մէջ հրդեհ բռնկած է։ Նախնական տեղեկութիւններուն համաձայն՝ տուժածներ չկան։