ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաւանութիւն տուած է Ուքրանիոյ 2.68 միլիառ տոլարի հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներու հնարաւոր վաճառքին։ Այս մասին նշուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Համաձայնագիրը կը նախատեսէ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու արդիականացման միջոցներու եւ անոնց կից սարքաւորումներու գնում։
Գործարքի կնքման պարագային Ուքրանիա գնումը պիտի ֆինանսաւորէ եւրոպական երկիրներու կողմէ փոխանցուած միջոցներով, ինչպէս նաեւ ամերիկեան «Օտարերկրեայ ռազմական ֆինանսաւորում» ծրագիրէն ստացած միջոցներով, որոնք յատկացուած էին ԱՄՆ-ի նախորդ վարչակազմին կողմէ։