image

Ուքրանիոյ մէջ 60 հազար մարդ կը համարուի անհետ կորսուած

Ուքրանիոյ մէջ 60 հազար մարդ կը համարուի անհետ կորսուած

Ուքրանիոյ մէջ 2024 թուականի վերջի դրութեամբ յատուկ հանգամանքներու մէջ անհետ կորսուած կը համարուի 60 հազար մարդ։

Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարարութեան յատուկ հանգամանքներու մէջ անհետ կորսուածներու բաժնի ղեկավար Տմիթրի Պոկաթիւքին:

Անոր տուեալներով՝ յատուկ հանգամանքներու մէջ անհետ կորսուած անձանց միասնական գրանցամատեանի վարման սկիզբէն այնտեղ տեղեկութիւններ գրանցուած են աւելի քան 70 հազար մարդու մասին, որոնք կը համարուէին անհետ կորսուած:

«Դեկտեմբեր 26-ի դրութեամբ շուրջ 60 հազարը դեռ հետախուզման մէջ են: Եւս 10 հազար քաղաքացիներ, կա՛մ այն ​​մարդիկ են, որոնք արդէն բացայայտուած են եւ ողջ-ողջ վերադարձած տուն, կա՛մ, ցաւօք, անոնք, որոնք ճանչցուած են մահացած»,-ըսած է ան։