image
Հրատապ լուրեր:

Ուքրանիոյ մէջ խաղաղապահներ պէտք են, բայց բոլորին համար ընդունելի. Թրամփ

Ուքրանիոյ մէջ խաղաղապահներ պէտք են, բայց բոլորին համար ընդունելի. Թրամփ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ անհրաժեշտ կը համարէ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղապահ ուժեր տեղակայելը։ Միեւնոյն ժամանակ, ըստ Թրամփի, այդ ուժերը պէտք է տեղակայուին այնպիսի ձեւով, որ ընդունելի ըլլան հակամարտութեան բոլոր կողմերու համար։

«Մեզի պէտք են խաղաղապահներ... բոլորի համար ընդունելի ձեւով», -ըսած է Թրամփ: Անոր խօսքով, ապագային Ուքրանիոյ օգնութիւն տրամադրելու պատասխանատւութիւնը պէտք է կրէ Եւրոպան, ոչ թէ Միացեալ Նահնգները։

«Կը կարծեմ, որ ընդհանուր առմամբ Եւրոպան պատասխանատւութիւն պիտի կրէ ատոր համար»,-ըսած է ան։

Կը սպասուի, որ փետրուար 27-ին Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըրը Տանըլտ Թրամփին ներկայացնէ Ուքրանիոյ մէջ մինչեւ 30,000 եւրոպացի զինծառայողներ տեղակայելու ծրագիրը։ Այս ծրագիրը մշակուած է Մեծ Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ. Փարիզն ու Լոնտոնը կ՚ուզեն, որ Միացեալ Նահնգները ապահովէ կրակային աջակցութիւնը՝ այն է՝ կործանիչներու եւ այլ սարքաւորումներու տեղակայումն Ուքրանիոյ հարեւան երկիրներու մէջ, գրած է The Telegraph թերթը։