image

Ուքրանիան ինքնապաշտպանուելու, եւ Ռուսիոյ տարածքին հարուածներ հասցընելու իրաւունք ունի․ Սթանօ

Ուքրանիան ինքնապաշտպանուելու, եւ Ռուսիոյ  տարածքին հարուածներ հասցընելու իրաւունք ունի․ Սթանօ

Քուրսքի շուրջ իրավիճակին անդրադարձած է ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան խօսնակը՝ նշելով, որ Ուքրանիան ինքնապաշտպանուելու, այդ շարքին՝ Ռուսիոյ տարածքին հարուածներ հասցնելու իրաւունք ունի։

Ըստ ուքրանական լրատուամիջոցներու՝ Փեթեր Սթանօն վստահեցուցած է, որ ԵՄ-ն լիովին կ՚աջակցի պաշտպանուելու Ուքրանիոյ օրինական իրաւունքին եւ իր ինքնիշխանութիւնը եւ տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու ջանքերուն։

Ռուսիոյ Քուրսքի մարզին մէջ, ուր օգոստոս 6-ին ներխուժած էին ուքրանական զինուած ուժերը, լարուածութիւնը կը պահպանուի: Շրջանին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է:

Ուքրանական շարք մը լրատուամիջոցներ գրած են, որ ուքրանական ուժերը ռուսական բնակավայրեր գրաւած են: Ըստ ռուսական կողմի, սակայն, ուքրանական զօրքերու յառաջխաղացումը կասեցուած է։

Ռուսիոյ Զինուած ուժերու Ընդհանուր սպայակոյտի պետը յայտնած է՝ «կը շարունակեն ոչնչացնել թշնամին» սահմանի մօտակայքը գտնուող անտառներուն մէջ: Յայտնի է զոհերու եւ վիրաւորներու մասին, ներառեալ՝ խաղաղ բնակչութեան շարքերէն: Հազարաւոր քաղաքացիներ տարհանուած են: