image

Պէտք է ընտրել չարեաց փոքրագոյնը․ Հռոմի պապը քննադատած է Թրամբը եւ Հարիսը

Պէտք է ընտրել չարեաց փոքրագոյնը․ Հռոմի պապը քննադատած է Թրամբը եւ Հարիսը
Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը քննադատած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածուներ Տանըլտ Թրամբը եւ Քամալա Հարիսը՝ կոչ ընելով ամերիկացիներուն ընտրելու «չարեաց փոքրագոյնը»։ Այս մասին հաղորդած է BBC։

Հռոմի պապը չէ նշած երկու թեկնածուներու անունները, սակայն ակնարկած է երկու քաղաքական գործիչներու դիրքորոշումները գաղթականներու եւ յղիութեան արհեստական ընդհատումներու վերաբերեալ։

«Երկուքն ալ դէմ են կեանքին։ Մէկը կը ցանկայ արտաքսել գաղթականները, իսկ միւսը կը սպաննէ երեխաները»,- ըսած է ան: 

Նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամբ սուր յարձակումներ կը կատարէ գաղթականներուն վրայ, զանոնք մեղադրելով յանցաւորութեան եւ գործազրկութեան կտրուկ աճի մէջ։ Հանրապետական թեկնածուն հանդէս կու գայ սահմանը ապօրինի հատած միլիոնաւոր մարդիկ արտաքսելու օգտին:

Միեւնոյն ժամանակ փոխնախագահ Քամալա Հարիս կը պաշտպանէ կանանց իրաւունքը յղիութեան արհեստական ընդհատումի, ինչ որ կտրուկ կը դատապարտուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ։ 

BBC-ի հաղորդմամբ՝ Պապը, որպէս կանոն, քաղաքական հարցերու վերաբերեալ յայտարարութիւններ չ'ըներ, սակայն անոր կարծիքը կրնայ ազդել Միացեալ Նահանգներու 52 միլիոն կաթոլիկներու դիրքորոշման վրայ:

Հարցին, թէ ինչ խորհուրդ կու տայ ամերիկացի հաւատակիցներուն ընտրութիւններու հարցով, Հռոմի պապն ըսած է. «Չքուէարկելն անընդունելի է։ Այդ շատ վատ է։ Դուք պէտք է քուէարկէք։ Դուք պէտք է ընտրէք չարեաց փոքրագոյնը: Իսկ թէ ո՞րն է չարեաց փոքրագոյնը՝ չեմ գիտեր»: