Ուքրանիան կ'ողջունէ պաշտպանութեան ուժերուն «նոր ազատագրական զէնք» տրամադրելու ԱՄՆ-ի որոշումը։ Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքով 8 յուլիսին իր թուիթըրեան էջին այս կերպով մեկնաբանած է պարսային զինամթերք տրամադրելու՝ Միացեալ Նահանգներու որոշումը։
Անոր խօսքով՝ պարսային ռումբերը զգալիօրէն կ'օգնեն զինուած ուժերուն Ռուսիոյ Դաշնութեան կողմէ վերահսկուող տարածքներն «ապաբռնագրաւելու եւ ուքրանացի զինուորներու կեանքը փրկելու հարցով»։
Նախարարը գրած է, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածի համաձայն՝ Ուքրանիան ունի ինքնապաշտպանութեան անօտարելի իրաւունք ու խստօրէն պիտի հետեւի միջազգային մարդասիրական համաձայնագիրներուն:
Ռեզնիքով նշած է 5 հիմնական սկզբունք, որոնց Քիեւ հաւատարիմ պիտի մնայ պարսային զէնք օգտագործած ժամանակ։
«Ուքրանիան այդ զինամթերքը կ'օգտագործէ միայն մեր միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքներու ապաբռնագրաւման համար։ Անոնք չեն օգտագործուիր ՌԴ-ի պաշտօնապէս ճանչցուած տարածքին մէջ:
Պաշտպանութեան ուժերը զերծ կը մնան քաղաքներուն մէջ պարսային զինամթերք օգտագործելէ՝ խաղաղ բնակչութեան համար վտանգէն խուսափելու համար։ Անոնք կը կիրառուին միայն այն հատուածներուն մէջ, ուր բռնագրողները կեդրոնացած են հակառակորդի պաշտպանական գիծը ճեղքելու համար։
Ուքրանիան կը պահպանէ այս տեսակի զէնքի կիրառման եւ տեղային գօտիներու խիստ հաշուառում, ուր այն կը կիրառուի։
Ազատագրուելէն յետոյ այս տարածքներն առաջնահերթ կ'ըլլան ականազերծման նպատակներու համար: Այդ մեզի թոյլ կու տայ վերացնելու պարսային զինամթերքի չպայթած տարրերու վտանգը:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը գործընկերներուն կը զեկուցէ պարսային զինամթերքի օգտագործման ու անոնց արդիւնաւէտութեան մասին՝ թափանցիկ հաշուետուութեան եւ վերահսկողութեան համապատասխան չափանիշ ապահովելու համար»,- գրած է Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարը: