Չորեքշաբթի երեկոյեան՝ մայիս 27-ին, Լոս Անճելըսի Նորթ Հիլզ (North Hills) թաղամասին մէջ գտնուող Լոնտելիուս փողոցի բնակարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած հրաձգութեան հետեւանքով մահացած յայտնաբերուած են մէկ տղամարդ, մէկ կին եւ երկու փոքրիկներ՝ 2 տարեկան եւ ընդամէնը 6 օրական։
Դէպքը պատահած է երեկոյեան ժամը 19։50-ի սահմաններուն։ Դէպքէն անմիջապէս ետք ոստիկանութեան եւ հրշէջ ծառայութեան աշխատակիցները ժամանած են վայր եւ փակած տարածքը։
Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան (LAPD) ներկայացուցիչ, սպայ Չարլզ Միլլըր յայտնած է, որ տեղի ունեցածը սպանութիւն եւ ինքնասպանութիւն (murder-suicide) է, սակայն հրաժարած է այլ մանրամասնութիւններ հրապարակելէ։ Ոճրագործութեան շարժառիթներն ու դէպքին վերաբերող այլ հանգամանքներ տակաւին անյայտ կը մնան։
Յաջորդ օրը՝ մայիս 28-ին, դատաբժշկական փորձաքննութեան բաժանմունքը հրապարակած է զոհերէն երեքին ինքնութիւնը։ Անոնք են՝ 31-ամեայ Խաժակ Պասմաճեան, 2-ամեայ Ալեք Պասմաճեան եւ 6 օրական Էլլա Պասմաճեան։ Սակայն անոնց միջեւ եղած յստակ ազգակցական կապերը պաշտօնապէս տակաւին չեն ճշդուած։
Դէպքէն խորապէս ցնցուած դրացի Պոնի Տիզըն պատմած է, որ անկողինին մէջ պառկած ատեն յանկարծ կրակոցի ձայն լսած է։ Ան շեշտած է, որ շրջանը առանձնատուներով հարուստ, շատ խաղաղ եւ հանգիստ թաղամաս է, որ կը գտնուի Վան Նայս օդակայանէն քանի մը մղոն հեռու։ Ըստ անոր՝ այդ ընտանիքին մօտ նախապէս երբեք խնդիրներ կամ վիճաբանութիւններ չէին նկատուած, իսկ տան բակին մէջ սովորականի պէս քանի մը ինքնաշարժ կայանած էր։
Դէպքին առթիւ քննութիւնը կը շարունակուի։