Միացեալ Նահանգներու հետ պատերազմը դադրեցնելու վերաբերեալ որեւէ համաձայնագիր պէտք է ներառէ Լիբանանի մէջ հրադադարի երաշխիքներ։ Այս մասին յունիս 1-ին կայացած մամլոյ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Էսմայիլ Պաղային։
Ան ըսած է. «Մենք կը պնդենք, որ Լիբանանի մէջ հրադադարը պատերազմին վերջ տալու վերաբերեալ որեւէ համաձայնագրի հիմնական պայմանն է։
Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ խախտել Իրանի հետ հաստատուած հրադադարը։ Ան նաեւ այսօր առաւօտեան խախտած է հրադադարը։ Իրանը պիտի ձեռնարկէ բոլոր այն միջոցները, որոնք անհրաժեշտ կը համարէ իր ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանելու համար»։