image
Հրատապ լուրեր:

Ֆիտան նշած է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանները

Ֆիտան նշած է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանները

 

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պայմանները։

«Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հիմնական պայմաններն են երկու պետութիւններու ստեղծումը եւ Կազայի մէջ մարդասիրական ճգնաժամին վերջ տալը։

Իսրայէլ պէտք է դադրեցնէ պաղեստինցիներու սպանութիւնները եւ չխոչընդոտէ Կազայի բնակիչներուն՝ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու եւ ծառայութիւններու հասանելիութիւն ունենալու հարցին մէջ, ինչպիսիք են սնունդը, կացարանը, դեղորայքն ու ջուրը։ Եթէ այս պայմանները իրականացուին, մենք կրնանք վերադառնալ բնականոն կեանքի, եւ խնդիրներ չեն ըլլար։ Մենք կը ցանկանք հասնիլ երկու պետութիւններու ստեղծման որոշումին»,– ըսած է Հաքան Ֆիտան։