Սուրիա- Քեսապի մէջ նշուած է Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնը եւ Էսկիւրէնի Ս. Աստուածածին եկեղեցի ուխտագնացութիւնը։Շաբաթ 15 Օգոստոսին, Քեսապի Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահան Սրբ․ Արք․ Սարգիսեանին տեղի ունեցած է ժամերգութիւն, ապա Էսկիւրէնի մէջ տեղի ունեցաւ աղի օրհնութիւն եւ ոչխարներու զենում։ Այս առիթով, քեսապահայութեան կողքին, Լաթաքիայէն եւ Հալէպէն հայ ընտանիքներ ժամանած էին Քեսապ՝ մասնակցելու հոգեպարար արարողութիւններուն եւ աւանդական տօնակատարութեան։Նշենք, որ լուրը եւ լուսանկարները տրուած են Հալէպի «Գանձասար» պարբերականին կողմէ: