Իր առաքելութեան հաւատացող AMAA-ը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ։ Այս առումով ալ այդ առաքելութիւնը նոր փայլ ստացաւ, երբ Հայաստանի Սպիտակ քաղաքին մէջ հիմնարկէքը կատարուեցաւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին։
«Արեւելք» ասոր մասին տեղեկութիւն քաղեց՝ ՀԱԵ-ի պաշտօնական կայքէն եւ ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ հրապարակուած լրատւութիւնը։
25 Նոյեմբեր, 2024-ը պատմական օր է Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) ու յատկապէս Սպիտակի աւետարանական համայնքին համար: 30 տարուայ սպասումէ ետք Սպիտակի մէջ ՀԱԵ-ն սեփական եկեղեցաշէնք մը կ’ունենայ:
1994-ին, երբ «Յոյս Հայաստանի Համար» կազմակերպութեան աջակցութեամբ Սպիտակի մէջ կազմակերպուեցաւ առաջին հոգեւոր ճամբարը երեխաներուն համար, ըստ էութեան՝ հիմը դրուեցաւ այս քաղաքին մէջ Աւետարանական համայնքի ձեւաւորման: Այնուհետեւ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA) միջոցով կազմակերպուեցան տարբեր բարեսիրական, քրիստոնէական դաստիարակչական ծրագիրներ, իսկ 1997-էն սկսեալ ՀԱԵ-ն Սպիտակի մէջ սկսաւ գործել պաշտօնապէս: 30 տարուայ ընթացքին եկեղեցին ստիպուած էր ծառայութիւններ իրականացնել վարձուած տարածքներու մէջ, որոնք երբեք լիարժէք յարմարաւէտ ու նպաստաւոր չէին: Վերջապէս 2024-ի ապրիլին, AMAA-ի ֆինանսաւորութեամբ ու «Բանբեր» հիմնադրամի առաջին ներդրումով՝ Սպիտակ քաղաքի Յուշարձաններու պուրակին մօտ հողաշերտ մը գնուեցաւ, եկեղեցաշէնքի նախագիծ կազմուեցաւ ու որոշուեցաւ շինարարութեան ժամկէտերը:
25 Նոյեմբերին եկեղեցաշէնքի հիմնարկէքն էր. իւրայատուկ, յուզումնառատ ու յիշարժան բացօթեայ պաշտամունքին, որու ցուրտ եղանակն ու տեղացող անձրեւն անգամ չխանգարեց : Պատմական այս արարողութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին ոչ միայն ՀԱԵ հովիւներ ու ծառայողներ ժամանած Հայաստանի տարբեր քաղաքներէն, այլ Սպիտակի համայնքապետարանի ներկայացուցիչներ, Սպիտակի Հայ Առաքելական Սբ. Յարութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Վաղարշ քահանայ Յակոբեան, հոգեւոր քոյրեր ու եղբայրներ ոչ միայն Հայաստանի այլ քաղաքներէն, այլ նաեւ տարբեր երկրներէ:
Պաշտամունքը սկսաւ ՀԱԵ Սպիտակի հոգեւոր հովիւ Պատ. Կարէն Օչինեանի ողջոյնի խօսքով, որմէ ետք պատուելին, սուրբգրային համարներ ընթերցելով (Սաղմ. 121.1-2, 127.1, Եսայի 28.16), պաշտամունքի կոչ ուղղեց: Կոչին յաջորդեց 2-րդ դարուն գրուած Առաքելական Հաւատոյ Հանգանակի միասնական ընթերցումը, որ առաջնորդեց Պատ. Սուրէն Մակարեանը: Ան Սպիտակի մէջ ՀԱԵ հովիւն էր հիմնադրման օրէն մինչեւ 2021 թ.: «Փառաբանութիւն առ Սուրբ Երրորդութիւն» երգի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Հայ Աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի փոխնախագահ, Եվրասիայի Հայ Աւետարանական միութեան աւագ հովիւը, վեր. դոկտ. Ռընէ Լեոնեան, ու մինչ ան կ’առաջնորդէր պաշտամունքի աղօթքի բաժինը, յիշեց, թէ ինչպէս 1995-ին AMAA-ը որոշած էր Հայաստանի մէջ առաջին եկեղեցաշէնքը Սպիտակի մէջ կառուցել, այդ նպատակին համար նոյնիսկ հողաշերտ գնած էր քաղաքի հրապարակին վրայ, սակայն տարբեր պատճառներով շէնքը չէր կառուցուած, ու այդ երազանքը իրականութիւն դարձած էր այսօր, 29 տարի վերջ:
Աղօթքին յաջորդեց ընթերցում ՀԱԵ Շիրակամուտի հոգեւոր հովիւ վեր. Արամ Մկրտչեանին կողմէ որ ընթերցեց Եփեսացիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի նամակի 2-րդ գլխուն 19-22 համարները. «Ուրեմն ալ ասկէ յետոյ դուք օտար ու պանդուխտ չէք, հապա սուրբերուն քաղաքակիցները եւ Աստուծոյ ընտանիքը՝ առաքեալներուն ու մարգարէներուն հիման վրայ շինուած, որուն անկիւնին գլուխը Յիսուս Քրիստոսն է. Որով բոլոր շէնքը մէկտեղ յարմարութեամբ կազմուած՝ կ’աճի սուրբ տաճար մը կ’ըլլայ Տէրոջմով. Որով դուք ալ մէկտեղ կը շինուիք՝ Աստուծոյ բնակարան ըլլալու Սուրբ Հոգիով»:
Հիմնարկէքի պաշտամունքի պատգամաբերը Ֆրանսայի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովիւ, «Բանբեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր վեր. Ժիլպեր Լևոնեանն էր որ իւրայատուկ հոգեւոր կապ ունի Սպիտակ քաղաքի ու տեղական ՀԱԵ-ի հետ, եւ պատգամէն առաջ ան նշեց, որ իր ծառայութեան վերջին 30 տարիներուն՝ ան ամէն ամառ, Հայաստան կու գայ, որպէսզի մասնակցի ու իր ներդրումը ունենայ Սպիտակի մէջ ՀԱԵ-ի զարգացման ու քրիստոնէական դաստիարակութեան կազմակերպման: Վերապատուելին, մէջբերելով 126-րդ սաղմոսը, նշեց. «Տէրը մեծ բաներ ըրաւ մեզի համար, եւ մենք ուրախացանք։ Արցունքով ցանողները ցնծութեամբ հիմա կը հնձեն։ Սպիտակը երկրաշարժէն ետք շատ արցունք տեսաւ, բայց ահա եկած է ցնծութեան ժամանակը: Ինչ որ այսօր կ’ապրինք, երազ է եւ ապացոյց, որ Աստուած չի լքեր իրեն հաւատացողներուն»: Անդրադառնալով Ղուկաս 4.18-ին Քրիստոսի աշխարհ գալու պատճառներուն՝ վերապատուելին խօսեցաւ եկեղեցւոյ կողմէ այդ առաքելութիւնը շարունակելու գործնական քայլերուն մասին. «Կ’աղօթեմ, որ այս եկեղեցին Քրիստոսի առաքելութեանը հաւատարիմ մնայ»,- նշեց վեր. Ժիլպէր Լեւոնեան: Վերապատուելին նաեւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց AMAA-ին մշտական աջակցութեան ու բոլոր ֆինանսական, կազմակերպչական հարցերուն աշխոյժ ներդրումին համար:
Պատգամէն ետք սկսաւ հիմնարկէքի արարողութիւնը: ՀԱԵ աւագ հոգեւոր հովիւ վեր. Աւետիք Խաչատրեան, հովուական ձեռագրագիրքի կանոնակարգի համաձայն, բարձրաձայնեց հիմնարկէքի խօսքերը. «Հանուն Հօր, Որդու եւ Սուրբ Հոգու այս անկիւնաքարը այստեղ կը դնեմ՝ որպէս Սպիտակի մէջ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցաշէնքի հիմնարկէք՝ Ամենակարող, Ճշմարիտ եւ Մէկ Աստուծոյ փառքին համար՝ ի վկայութիւն եւ քարոզութիւն Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանին: Այլ հիմք ոչ ոք կարող է դնել այն հիմքէն զատ, որ Յիսուս Քրիստոսն է»: Այնուհետեւ աղօթք բարձրացուց խորհրդանշական անկիւնաքարի վրայ՝ որ ոսկեգոյն տուփի մը մէջ ամփոփուած Սուրբ Գիրքն էր: Աղօթքէն ետք Պատ. Կարէն Օչինեան տեղադրեց Աստուածաշունչը նախապէս պատրաստուած փոսին մէջ, իսկ ներկայ հովիւները հերթով փակեցին զայն շաղախով: Այս ընթացքին ներկաները կ’երգէին «Եկեղեցւոյ հիմը».
Եկեղեցին հիմնեալ է
Լոկ Քրիստոսի վրայ
Եւ յաւիտեան Տէրոջը
Սիրոյն է առարկայ…
Հիմնարկէքի արարողութեան յաջորդեց Տէրունական աղօթքը՝ ՀԱԵ Ստեփանավանի հոգեւոր հովիւ Վեր. Հրանդ Պատալեանի առաջնորդութեամբ: Պաշտամունքը աւարտեցաւ ՀԱԵ Երեւանի՝ Պաղրամեան 18-ի վրայ գտնուող եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, ՀԱԵ ՀԽ փոխնախագահ վեր. Գէորգ Գասբարեանի օրհնութեան աղօթքով:
Պաշտամունքէն ետք ներկաներուն ողջունեց Սպիտակի Համայքապետարանի ներկայացուցիչ Ազգանուշ Ֆռանգեանը: Ան, խօսելով համայնքապետի անունով, կարեւոր ու պատմական համարեց նոր եկեղեցաշէնքի հիմնարկէքը ու մաղթեց ՀԱԵ-ին՝ նուիրուածութիւն վեհ աշխատանքի կատարման գործին համար։
Արարողութիւնը եզրափակեց AMAA-ի Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Առէն Տէյիրմենճեանը. «Ամէն լաւ բան չարչարանք կ’ենթադրէ։ Ու կարծես այսօրուայ եղանակն ալ խորհրդանշական է: Չնայած ան անբարենպաստ է, բայց կարեւոր միջոցառումը կայացաւ, որովհետեւ ամէն բան Աստուծոյ վերահսկողութեան տակ է:
AMAA-ը հերթական ազգանուէր նախագիծը կ’իրականացնէ, բայց պէտք է նշեմ, որ Վեր. Ժիլպէր Լեւոնեանը իր առաջին ներդրումով մեզ քաջալերեց»:
Եկեղեցաշէնքի շինարարութիւնը պիտի մեկնարկէ Մարտ, 2025-ին, ու Տէրը կամի, Յուլիս, 2026-ին Սպիտակի մէջ Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցին նոր, իւրայատուկ, ժամանակակից տեսքով ու լուսաւոր սրահներով եկեղեցաշէնք պիտի ունենայ: