Օրերս, Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի մուտքին տեղի ունեցած է հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ՝ Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) կիսանդրիին բացման հանդիսութիւնը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Նոյեմբեր 9-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ Ուաթըրթաունի (Մասաչուսէց) Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնի մուտքին տեղադրուած է հայ մեծ երգահան, երգիչ, երաժշտագէտ, վարդապետ եւ ուսուցիչ՝ Կոմիտասի (Սողոմոն Սողոմոնեան) կիսանդրին։
Բացման արարողութեան ընթացքին ելոյթ ունեցած են Կեդրոնի ատենապետ Վաչէ Սէրայտարեան եւ կիսանդրիի հանրածանօթ քանդակագործ գանատահայ տոքթ. Մկրտիչ Տարաքճեան (ծնեալ՝ Հալէպ)։ Անոնք ակնածանքով խօսած են Վարդապետի կեանքին եւ ստեղծագործութիւններուն մասին։
Կիսանդրին օրհնած է Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան: Այնուհետեւ Կեդրոնի մուտքին Վաչէ Սէրայտարեան եւ մեկենաս Թորոս Ոսպիկեան կատարած են կիսանդրիին բացումը՝ ներկայութեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտ-արենուշներուն, որոնք ծածանած են Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները։
Գործադրուած է գեղարուեստական յայտագիր։ Հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Ղազար ծ. վրդ. Պետրոսեան մեներգած է Կոմիտասի «Գարուն ա»-ն։ Ապա ելոյթ ունեցած է «Համազգային»-ի Պոսթընի ArtNova երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Արթիւր Վերանեանի։ Խումբը ներկայացուցած է վարդապետի անզուգական ստեղծագործութիւններէն փունջ մը։
Աւելի քան երկու հարիւր ներկաներ մեծ խանդավառութեամբ հետեւած են ձեռնարկին։