Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, Պուռ-լէ-Վալանսի Թերիս հանրապարտէզին մէջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը բացումը կատարուած է Շառլ Ազնաւուրի կիսանդրիին, անոր ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։
Կիսանդրին նուէրն է Հայաստանի Թալին քաղաքին, որ 20 տարի առաջ զուգորդուած է Պուռ-լէ-Վալանսի հետ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Սեպտեմբեր 21-ին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, Պուռ-լէ-Վալանսի Թերիս հանրապարտէզին մէջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ մը բացումը կատարուած է Շառլ Ազնաւուրի կիսանդրիին, անոր ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։
Կիսանդրին նուէրն է Հայաստանի Թալին քաղաքին, որ 20 տարի առաջ զուգորդուած է Պուռ-լէ-Վալանսի հետ։
Բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետուհի Մառլէն Մուռիէ՝ քաղաքապետարանի աշխատակիցներով, այս առիթով Ֆրանսա ժամանած Թալինի պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ քաղաքապետ Տաւրոս Սափէեանի, Լիոնի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Նարինէ Նիկոլեան, Շառլ Ազնաւուրի որդին՝ Միշա Ազնաւուր, հրաւիրեալ հայեր՝ Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի տարբեր անկիւններէն, հայ համայնքի անդամներ, Պուռ-լէ-Վալանսի բնակիչներ, հիւրեր։
Ելոյթներ արտասանած եւ բացառիկ օրուան առթիւ շնորհաւորական ու հպարտութեան խօսքեր յղած են Միշա Ազնաւուր, Մառլէն Մուռիէ, Տաւրոս Սափէեան, Նարինէ Նիկոլեան, Երեւանի աւագանիի անդամ Միքայէլ Խաչատրեան:
Ելոյթներուն յաջորդած է կարճ բայց խիտ ու որակաւոր գեղարուեստական բաժին մը Ազնաւուրի ամենածանօթ երգերէն երկուքին բացառիկ մեկնաբանութեամբ. Թալինի պատուիրակութեան հետ Ֆրանսա ժամանած թենոր, մենակատար Վաննօ Թադէօ բոլորը հմայած է «Ave Maria»-ով, իսկ դուդուկահար Քրիս Պեկօ (վալանսցի մը, որ Եւրոպայի առաջին վկայեալ դուդուկահարն է) ալ՝ կախարդական ձայնաւորումներով ներկայացուցած է «Emmenez-moi»-ն:
***
Թալինի պատուիրակութիւնը Պուռ-լէ-Վալանս ժամանած է Սեպտեմբեր 18-ին։
Սեպտ. 19-ին եւ 20-ին Պուռ-լէ-Վալանսի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած են աշխատանքային հանդիպումներ երկու կողմերու պատուիրակութիւններուն միջեւ:
Այնուհետեւ հայկական պատուիրակութիւնը կատարած է ճանաչողական շարք մը այցեր՝ Ռոմանի մէջ «Կօշիկի քաղաք»-ը (« Cité de la Chaussure » – Ռոմանը եւ իր նշանաւոր կօշիկներու պատմութիւնը սերտօրէն առնչուած են յետցեղասպանութեան հայ գաղթականութեան հետ), ապա նաեւ՝ Վալանսի Հայկական ժառանգութեան կեդրոն, գինեգործական գործատուն, «Վալանթէն» գիւղատնտեսութեան երկրորդական վարժարան եւ այլն։