image

Ոչ եւս է հայկական Երուսաղէմի արուեստագէտներէն ՝ Ստեփան Գարագաշեանը.

Ոչ  եւս է  հայկական Երուսաղէմի    արուեստագէտներէն  ՝  Ստեփան  Գարագաշեանը.

Հայկական Երուսաղէմի  արուեստագէտներու  ընտրանին ներկայացնող դէմք մը ոչ եւս է այսօր: Անդարձ մեկնողի անունն է Ստեփան Գարագաշեան:

Կաւագործ՛ որուն պապենական արուեստանոցի պատմութիւնն կ'երթայ մինչեւ անցեալ դարու սկիզբները,  երբ անուանի Յովհաննէսեաններու  եւ Պալեաններու  զուգահեռ նաեւ Գարագաշեաններու   պապը անգլիացիներու  խնդրանքով ժամանած Է Երուսաղէմ, իր մասնակցութիւնը բերելու Երուսաղէմի մեծ Մզկիթի յախճապակեայ զարդարանքների վերաթարմացման:

Այնուհետեւ Գարագաշեաններու  հետ իմ անմիջական ծանօթութիւնը ծայր կ'առնէր Հ.Մ.Ը.Մի ակումբէն, ուր տեղի մուտքին ճիշտ հանդիպակաց պատին կը հանգչէր անկախ Հայաստանի հանրապետութեան զինանշանը: Այնուհետեւ բոլորովին աւելին հարուստ գունաւորումով թէ զարդարանքով որմէ կարելի չէր պարզապէս    աննկատ անցնիլ:Պայման էր, մանաւանդ որեւէ նորեկի համար ,հարց տալ, թէ   որո՞ւ գործն էր այս ու պատասխանը  չէր ուշանար, ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆՆԵՐՈՒ:

Իրականութեան մէջ մինչեւ պահս ալ ինձ յստակ չէ Գարագաշեաններու ընտանիքի որ՞ մէկ անդամին գործն էր այդ, երբ՞ էր պատրաստուէր հակառակ որ գոյներու փայլքն մանաւանդ արեան գոյն կարմիրը ՛ շատ հեռուն չէին յուշեր:

Ամենայն դէպս իմ աչքին կը պատկերանար նորոգ հանգուցեալ  ՍՏԵՓԱՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆԸ , որն անմիջական ներկայութիւն չէր մեր միութենական կեանքին   մէջ, բայց անպայման ունէր իր պատկառելի տեղը :Ան  ամէն տարեմուտի կը դիմաւորէր մեզ, երբ  Հ..Մ.Ը.Մ. ի օրացոյցը մեր ձեռքերուն  մեծ հաճոյքով կը ժամանէինք իր տուն:

Պարոն Ստեփան թէ տիկին Միլինէ՛ ի տարբերութիւն շատ շատերո ւ ուղղակի բացայայտ ուրախութեամբ   եւ  պահու  իւրայատուկ տրամադրութեամբ կը դիմաւորէին Հ.Մ.Ը.Մի վարչութեան ներկայացուցիչները , կարծես միութենական կեանքէ տարուայ մը բացակայութիւնը կամրջելու անծածկելի ճիգով:

Ու այդ    պահուն ընթացքին Պարոն ՍՏԵՓԱՆՆ ինչեր ունէր «տալիք առնելիք» : Թէկուզ ըստ երեւոյթի բացակայ՛ այնուհետեւ ան ներկան էր մեր հայ կեանքին , հայոց  տագնապներուն մարտահրաւէրներուն, նահանջներուն,  վերջապէս հայ էր ՛,մեծատառով հայ՛ գաղափարով անկախական, ու վերջապէս ինչպէս բացատրել այդ ոգիով ու ներշնչումով պատրաստուած ԱՆԿԱԽ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ զինանշանը:  

 

 Ընկեր Ստեփան  հողը  թող թեթեւ գայ վրադ:

Մխիթարութիւն հարազատներուդ եւ  Աստուած  հոգիդ  լուսաւորէ:

 

 

 Սերոբ Սահակեան