image

Պատերազմէն դէպի հրադադար․ պարտադրուած դադա՞ր, թէ նոր փուլ. Ռուբիկ Մինասեանի գրառումը

Պատերազմէն դէպի հրադադար․ պարտադրուած դադա՞ր, թէ նոր փուլ. Ռուբիկ Մինասեանի գրառումը

• Հրադադարը պատերազմի աւարտ չէ․ Իրան այս բոլորը «յաղթանակ» կը կոչէ։

Նախկին իրանահայ եւ երկար ժամանակէ ի վեր Հայաստան հաստատուած լրագրող՝ Ռուբիկ Մինասեան կը գրէ ՝

• Ամերիկան 2 շաբաթ ժամանակ պիտի ստանայ նաւթի շուկան վերահսկելու եւ #Իրան-ի հետ աւելի ուժեղ դիրքէ բանակցելու համար։ 

• #Իրան-ը կորսնցուց նաւթի շուկայէն ճգնաժամ ստեղծելու իր «քարտ»ը։ 

• Թրամփի սպառնալիքը հասցուց Իրանին գոյամարտի վիճակի եւ ստիպեց հետքայլ ընել։ 

• Թրամփը կը պահանջէ 4 պայման՝ ուրանի հարստացման դադրեցում, հրթիռային ծրագրի դադրեցում, պրոքսիներուն աջակցութեան դադրեցում եւ հարստացուած ուրանի յանձնում։ 

• Իրանը կորսնցուց իր առաջնորդը եւ բազմաթիւ բարձրաստիճան հրամանատարներ։ 

• Ռազմաօդային ուժերն ու հակաօդային պաշտպանութիւնը գրեթէ ոչնչացուած են, եւ երկինքը տակաւին հակառակորդին վերահսկողութեան տակ է։ 

• Պետրոքիմիական, ռազմական արդիւնաբերական, ոստիկանական եւ տեղեկատուական կառոյցները ծանր հարուածներ ստացած են։ 

• Պարսից ծոցի երկիրները թշնամացած են Իրանին հետ, իսկ Տուպայի եւ Քաթարի հետ կապերը խզուած են։ 

• Ժողովուրդը տակաւին կը ցանկայ համակարգի տապալումը եւ աւելիով կը հեռանայ իշխանութիւններէն։ 

• Հրադադարը պատերազմի աւարտ չէ․ Իրան այս բոլորը «յաղթանակ» կը կոչէ։