Կազայի հատուածէն Իսրայէլի տարածքի հրթիռակոծութեան հետեւանքով վնասուած է իսրայէլական «Էյլաթ-Աշկելոն» նաւթամուղը, կը հաղորդէ իսրայէլեան Kan ռատիոկայանը:
Կազայի տարածքէն հրթիռակոծութեան հետեւանքով Իսրայէլի շարք մը շրջաններու մէջ անկարգութիւններ սկսած են, մասնաւորապէս՝ հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող Արարա բնակավայրին մէջ: Խումբ մը արաբներ փողոցներ փակած են, անիւներ ու աղբարկղեր այրած, պաղեստինեան խորհրդանշաններ ցուցադրած, իսկ ընկերային ցանցերու մէջ տարածուած տարբեր տեսանիւթերու համաձայն՝ անկարգութիւններ տեղի կ'ունենան նաեւ Երուսաղէմի մէջ:
ՀԱՄԱՍ-ը յայտարարած է, որ Թէլ Աւիւի ուղղութեամբ 130 հրթիռ արձակած են:
Լարուածութիւնը Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ սկսած է աճիլ ապրիլի կէսերէն, իսկ 7 մայիսին իսրայէլեան սահմանապահ ոստիկանութեան եւ պաղեստինցիներու բախումները սկսած են մէկանգամէն երկու վայրի մէջ՝ Տաճարի լեռան եւ Շէյխ Ժարրահի շրջանին մէջ, ուր դատարանի որոշման համաձայն` Իսրայէլի անվտանգութեան ուժերը կը վտարեն քանի մը արաբական ընտանիքներ, որու պատճառով ալ բռնի բախումներ կ'արձանագրուին: