image

ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ «Թիւրըմբռնում» կայ. Վանս

ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ «Թիւրըմբռնում» կայ. Վանս
Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս յայտարարած է, որ ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ «թիւրըմբռնում» կայ, եւ Ուաշինկթըն Թեհրանին համաձայնութիւն չէ տուած Լիբանանը հրադադարի մէջ ներառելու համար։

Ան նշած է, որ ԱՄՆ-ն պիտի չկատարէ հրադադարի իր մասը, եթէ Իրանը չբանայ Հորմուզի նեղուցը։

Աւելի վաղ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամմետ Ղալիպաֆը յայտարարած էր, որ ԱՄՆ-ի հետ հրադադարի հաստատման 10 կէտերէն 3-ն արդէն խախտուած է, որ անիմաստ կը դարձնէ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները։