image

Խմբագրական «Մասիս»ի. Սոլովիովի հակահայ ելոյթը եւ Հայաստանի ընդդիմութեան լռութիւնը

Խմբագրական «Մասիս»ի. Սոլովիովի հակահայ ելոյթը եւ Հայաստանի ընդդիմութեան լռութիւնը

Ռուսաստանի մէջ տակաւին կան ազդեցիկ շրջանակներ, որոնք չեն կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ Հայաստան որպէս անկախ երկիր իրաւունք ունի վարելու իր ուրոյն արտաքին քաղաքականութիւնը ու կը նային անոր որպէս Ռուսաստանի ծայրամաս եւ կամ մէկ գաւառ: Այս մօտեցումին վերջին մէկ արտայայտիչը հանդիսացաւ Ռուս հաղորդավար, պետական քարոզչութեամբ զբաղող Վլատիմիր Սոլովիով, որ իր յայտագրի ընթացքին արտայայտեց այն միտքը, որ Հայաստանը կորսնցնելը դէմ է Ռուսաստանի ազգային շահերուն: Անոր պնդմամբ` «յատուկ ռազմական գործողութիւն» պէտք է իրականացնել ոչ միայն Ուքրանիոյ մէջ, այլեւ ՌԴ ազդեցութեան այլ տարածքներու մէջ եւ «պէտք է թքած ունենալ միջազգային իրաւունքին վրայ»:

Սոլովիով Հայաստանը կը նմանցնէ Վենեզուէլլայի օրինակին, երբ Ամերիկեան զօրքերը յարձակում գործելով ձերբակալեցին նախագահ Մատուրոն ու այժմ կը փորձեն իրենց ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնել այդ երկիրը` յատկապէս անոր քարիւղի պաշարները:

Սոլովիովի սպառնալիքները մեծ վրդովմունք յառաջացուցին Հայաստանի հանրային կարծիքին մօտ, իսկ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը բողոքի գիր յանձնեց Երեւանի մէջ Ռուսաստանի դեսպանին` անթոյլատրելի ոտնձգութիւն ու թշնամական դրսեւորում  նկատելով պետական հեռատեսիլէն հնչած խօսքերը, «որոնք կոպտօրէն կը խախտեն Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու հիմնարար սկզբունքները»:

Վերջին ամիսներուն Ռուսաստանի պաշտօնական ներկայացուցիչներուն կողմէ Հայաստանի հասցէին հնչող մեղադրանքները բաւական նուազած էին եւ միակ հարցը, որուն մասին կ’արտայայտուէին անոնք, այն էր, որ Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը չի կրնար համատեղուիլ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան հետ: Ներկայիս այդ կառոյցը կը նկատուի Հայաստանի թիւ մէկ տնտեսական գործընկերը, իսկ Հայաստան պաշտօնական դիրքորոշում մինչեւ օրս չէ արտայայտած այդ զգուշացումներուն վերաբերեալ, նկատի առնելով որ Եւրոպական Միութեան կազմէն ներս մուտք գործելը կը պահանջէ մէկ տասնամեակ կամ աւելի ժամանակ: Սոլովիովի յայտարարութիւնները ամբողջովին նոր մակարդակի վրայ կը դնեն Ռուսաստանի վերաբերմունքը հայաստանի նկատմամբ:

Ըստ երեւոյթին,  Վենեզուէլլայի վրայ յարձակումը եւ Նախագահ Թրամփի ծրագիրները Տանիմարքային պատկանող Կրինլանտ կղզիին տիրանալու ուղղութեամբ,  բաւարար արդարացում են, որպէսզի Ռուսաստան եւս իր ռազմական կարողութիւնները օգտագործէ Հայաստանի եւ նաեւ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրները  իր ազդեցութեան ուղեծիր վերադարձնելու համար:

Քրեմլինին մերձաւոր շրջանակները մինչեւ օրս գիտակցած պէտք էր ըլլային, որ պաշտօնական Երեւանի ու ընդհանրապէս Հայութեան մօտ Ռուսաստանի նկատմամբ վերաբերմունքին մէջ շրջադարձային եղան Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը եւ ապա Լեռնային Ղարաբաղի հայաթափումը: Ռուսաստան իր վարած անհեռատես քայլերուն պատճառաւ կորսնցուց իր հեղինակութիւնը Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանէն ներս եւ եթէ տակաւին ունի որոշ ազդեցութիւն, այդ ալ շնորհիւ Հայաստանին է, ուր ան կը պահէ ռազմակայան եւ ունի տնտեսական բաւական մեծ լծակներ: Սոլովիովներու սպառնալիքները ոչ մէկ ձեւով կը նպաստեն Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն, եւ ընդհակառակը աւելի կը խորացնեն յառաջացած ճեղքը:

Վլատիմիր Սոլովիով հրապարակային սպառնալիքներէն օրեր ետք, լուռ են Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներն ու լրատուամիջոցները, որոնք անխնայ կերպով կը քննադատեն իշխանութիւններու իւրաքանչիւր քայլն ու առած որոշումները, իսկ պատրաստ են անտեսելու Հայաստանի անկախութեան ու ինքնիշխանութեան դէմ ուղղուած  արտաքին սպառնալիքները, երբ անոնք կու գան Ռուսաստանէն: Անոնցմէ շատերուն համար իշխանութեան հասնելու ամենէն արագ ճանապարհն է Ռուսաստանի միջամտութիւնը` ռազմական կամ այլ եղանակներով:

Առաջին անգամ չէ որ Վլատիմիր Սոլովիով հանդէս կու գայ հակահայ ելոյթներով ու այդ պատճառաւ անոր հաղորդումները չեն սփռուիր Հայաստանի տարածքին: Սակայն Ռուսական ալիքները հասանելի են ժողովուրդին եւ որքան մօտենան խորհրդարանական ընտրութիւնները  անոնք պիտի փորձեն աւելի ու աւելի ազդել Հայաստանեան հանրային կարծիքին վրայ` իշխանութեան բերելու համար իրենց ենթարկուելու պատրաստ ուժերուն:

Ժամանակն է, որպէսզի այդ ալիքներու սփռումը դադարեցուի: Անոնք սկսած են դառնալ վտանգ` Հայաստանի ազգային անվտանգութեան:

 

Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»

01/18/2026