Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Եոնկ Ըն իր 13-ամեայ դուստրը՝ Քիմ Ճու Հաեն, նշանակած է երկրի հրթիռային ծրագրի վերահսկող, կը հաղորդէ Հարաւային Քորէայի The Chosun Daily պարբերականը։
Պաշտօնապէս այդ դիրքը կը զբաղցնէ զօրավար Ճանկ Չանկ-հան, սակայն կը նշուի, որ Քիմ Ճու Հաեն զինուորականներէ զեկոյցներ կը ստանայ եւ հրահանգներ կ՚արձակէ։
Աւելի վաղ Yonhap լրատուական գործակալութիւնը յայտնած էր, թէ Հարաւային Քորէայի հետախուզութիւնը հակուած է կարծելու, որ Քիմ Եոնկ Ըն մտադիր է իր դուստրը նշանակել որպէս իր իրաւայաջորդ։