image

Ռուսական ռազմակայանի ներկայութեան հետ կապուած որեւէ ծրագիր չունինք, մտահոգութիւններ ալ չունինք․ Փաշինեան

Ռուսական ռազմակայանի ներկայութեան հետ կապուած որեւէ ծրագիր չունինք, մտահոգութիւններ ալ չունինք․ Փաշինեան

2020-ի նոյեմբերին Ռուսիոյ եւ նախագահ Վլատիմիր Փութինի դերը վճռորոշ ու շատ կարեւոր եղած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի հաստատման հարցով։ Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը փետրուար 25-ին Լեհաստանի մէջ օտարերկրեայ դեսպաններու, դիւանագէտներու եւ վերլուծական կեդրոններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ։

Վարչապետն ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները այժմ վերափոխման փուլի մէջ են:

«Մեր յարաբերութիւնները Ռուսաստանի հետ ներկայումս վերափոխման փուլում են։ Մենք նոր յարաբերութիւններ ենք ստեղծում եւ ձեւաւորում Ռուսաստանի հետ։ Միանշանակ է, որ այդ յարաբերութիւնները փոխւում են բազմաթիւ գործօնների պատճառով, բայց մենք վճռական ենք եւ կը ցանկանայինք զարգացնել մեր յարաբերութիւնները»,-ըսած է վարչապետը։

Անդրադառնալով անվտանգային խնդիրներուն՝ Փաշինեան պարզաբանած է ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած դիրքորոշումը. «Մենք սառեցրել ենք մեր մասնակցութիւնը ՀԱՊԿ-ին… Հայաստանը հիասթափուած էր, քանի որ ունենալով իրաւական պարտաւորութիւն՝ ՀԱՊԿ-ը հաւուր պատշաճի չարձագանգեց անվտանգութեան մարտահրաւէրներին»։

Ռուսական ռազմական ներկայութեան մասով վարչապետը նշած է, որ Հայաստանը շնորհակալ է Ռուսիոյ 90-ականներէն ի վեր սահմաններուն ցուցաբերած աջակցութեան համար, սակայն այժմ բոլոր սահմանային անցակէտերը կը վերահսկուին Հայաստանի սահմանապահներու կողմէ։ Գիւմրիի 102-րդ ռազմակայանի վերաբերեալ ան աւելցուցած է. «Մենք որեւէ պլան, ծրագրեր չունենք եւ մտահոգութիւններ էլ չունենք կապուած ռուսական ռազմաբազայի ներկայութեան հետ»։