Բեմադիր Արամ Մանուկեանի «Sigma» հայկական ժապաւէնը արժանացած է Վատիկանի հեղինակաւոր «Parole Aperte» մրցանակին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։
Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝
Վատիկանի Առաքելական գրադարանի «Սիքսթինեան» սրահին մէջ վերջերս տեղի ունեցած է բեմադիր Արամ Մանուկեանի «Sigma» հայկական կարճ ֆիլմին ցուցադրութիւնը:
Սոյն ձեռնարկի ծիրին մէջ ժապաւէնը արժանացած է Վատիկանի հեղինակաւոր «Parole Aperte» մրցանակին: