image

Վանաձորի մէջ. Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին նոր օգնական հովիւ ունի

Վանաձորի մէջ. Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցին  նոր օգնական հովիւ ունի

Օրերս Վանաձորի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ նոր օգնական հովիւի պաշտօնակոչութիւն:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ  Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ պաշտօնական կայքէն: 

27 օգոստոս 2023-ին Հայաստանեայց Աւետարանական եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) Վանաձորի համայնքի համար իրադարձային էր:  Տէրունական պաշտամունքի ընթացքին տեղի ունեցած է օգնական հովիւի պաշտօնակոչութիւն: ՀԱԵ աւագ հոգեւոր հովիւ Վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան ներկայացուցած է պատ. Դաւիթ Բաբայեանը, որմէ յետոյ վերջինս պատասխանած աւագ հովիւի կողմէ, հովուական ուխտի համաձայն բարձրաձայնուող հարցերուն՝ այդ կերպ հաստատելով Աստծոյ հաւատարիմ մնալու եւ ժողովուրդին անմնացորդ ծառայելու իր առաքելութիւնը: Հարցեր ուղղուած են նաեւ ժողովուրդին, որու անունով պատասխաններ հնչեցուցած ՀԱԵ Վանաձորի հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձուները՝ ի նշան պատրաստակամութեան՝ աջակցելու պատ. Դաւիթ Բաբայեանին իր նոր ծառայութեան ընթացքին: Պաշտօնակոչութեան բուն ընթացքին յաջորդած է աւագ հովիւի աղօթքը ՀԱԵ Վանաձորի գործող հովիւին, ծառայողներուն, հոգաբարձուներուն, ինչպէս նաեւ պատ. Դաւիթ Բաբայեանին ու իր ընտանիքին համար: Պատուելին նաեւ այս համայնքին մէջ առաջին անգամ Աստծոյ Խօսքի պատգամը բերելու հնարաւորութիւն ունեցած է: Խօսելով Բ Տիմոթէոս 3.14-15 համարներու շուրջ՝ պատ. Դաւիթ Բաբայեան քաջալերած է համայնքը, որպէսզի յարատեւեն Աստծոյ Խօսքի ուսուցման մէջ: 

 

Պատուելի Դաւիթ Բաբայեան ծնած է 2 նոյեմբեր, 1983-ին: 1994-ին սկսած է յաճախել ՀԱԵ Ստեփանաւանի կիրակնօրեայ դպրոցը: 1998-էն սկսած է ծառայել Ստեփանաւանի ՀԱԵ Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժին, ինչպէս նաեւ ՀԱԵ կողմէ կազմակերպուած ամառնային ճամբարներուն: 2001-ին մկրտուած է ՀԱԵ-ի մէջ: 2001-2003 թուականներուն ծառայած է ՀՀ զինուած ուժերուն: 2005-2007 թուականներուն ուսանած եւ աւարտած է Հայ Աւետարանական Աստուածաբանական ակադեմիայի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժինը: 2007-2011 թուականներուն ուսանած եւ աւարտած է նոյն ակադեմիայի աստուածաբանութեան բաժինը՝ ստանալով աստուածաբանութեան աւարտական վկայականը: 2010-2015 թուականներուն ծառայած է Ստեփանաւան՝ որպէս ՀԱԵ օգնական հովիւ: 2015-էն մինչեւ 20 օգոստոս, 2023 եղած է ՀԱԵ Նոյեմբերեանի հովիւը: Ամուսնացած է Կարինէ Ղումաշեանի հետ, ունին երկու զաւակ: