Սէուտական Արաբիան ստիպուած եղած է հակաօդային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ աջակցութիւն խնդրել Մեծն Բրիտանիայէն, Ֆրանսայէն, Եգիպտոսէն եւ Փաքիստանէն՝ սեփական միջոցներու անբաւարարութեան պատճառով։ Այս մասին կը հաղորդէ «AP»-ն՝ վկայակոչելով տարածաշրջանի երկու պաշտօնեաներ։
Անոնց համաձայն՝ Ռիատ այդ երկիրներէն խնդրած է տարածաշրջան ուղարկել հակաօդային պաշտպանութեան միջոցներ՝ հուսիներու եւ Իրանի աջակցութիւնը վայելող այլ խմբաւորումներու կողմէ արձակուող հրթիռներէ ու անօդաչու թռչող սարքերէ պաշտպանուելու համար։
Գործակալութեան զրուցակիցներէն մէկը նշած է, որ Սէուտական Արաբիա յայտնուած է բարդ իրավիճակի մէջ, քանի որ անհրաժեշտ է պաշտպանել ոչ միայն ռազմական կառոյցները, այլեւ քարիւղային ենթակառոյցները։ Մէկ այլ աղբիւր յայտնած է, որ Ռիատ կը փորձէ միջազգային դաշինք ձեւաւորել հուսիներուն դէմ։
«AP»-ի եւս երկու զրուցակիցներու համաձայն՝ անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու եւ հուսիներու ներկայացուցիչները Օմանի մէջ հանդիպած են՝ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած լարուածութիւնը քննարկելու նպատակով։
Միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիայէն անանուն պետական պաշտօնեան նշած է, որ Անգարա բանակցութիւններ կը վարէ Իրանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ՝ իրավիճակը կայունացնելու նպատակով։