image

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովուական այցելութիւնները Քեսապի պատմական Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ

Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հովուական այցելութիւնները Քեսապի պատմական Հայ Աւետարանական եկեղեցիներ

Հանդիպումներու ընթացքին Վեր. Դոկտ. Սելիմեան քաջալերեց եկեղեցիները՝ հաւատարմութեամբ շարունակելու իրենց վկայութիւնն ու ծառայութիւնը, միաժամանակ Աստուծոյ հանդէպ երախտագիտութիւն յայտնելով, որ այս տարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կը նշէ իր հիմնադրութեան 180-ամեակը։

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, ընկերակցութեամբ Քեսապի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հովիւ Պատ. Շանթ Ակիշեանի, հովուական այցելութիւններ տուաւ Քեսապի շրջանի պատմական Էքիզօլուք, Քիրքինէ եւ Գալատուրան Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն, հանդիպելով եկեղեցիներու անդամներուն եւ հոգաբարձութեանց հետ։

Հանդիպումներու ընթացքին Վեր. Դոկտ. Սելիմեան քաջալերեց եկեղեցիները՝ հաւատարմութեամբ շարունակելու իրենց վկայութիւնն ու ծառայութիւնը, միաժամանակ Աստուծոյ հանդէպ երախտագիտութիւն յայտնելով, որ այս տարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կը նշէ իր հիմնադրութեան 180-ամեակը։

Հանդիպումները առիթ հանդիսացան նաեւ միասին խորհրդածելու ներկայ մարտահրաւէրներուն դիմագրաւման, եկեղեցիներու ծառայութեան շարունակականութեան եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ։

Իւրաքանչիւր այցելութիւն եզրափակուեցաւ եղբայրական հաղորդակցութեամբ եւ միասնական աղօթքով՝ Աստուծոյ առաջնորդութիւնն ու օրհնութիւնը խնդրելով եկեղեցիներու կեանքին, ծառայութեան եւ ապագայ առաքելութեան համար։