image

Հայկազեան համալսարան–Պեմօ դրամատուն. Երկար տարիներու բարեկամութեան վերահաստատում

Հայկազեան համալսարան–Պեմօ դրամատուն. Երկար տարիներու բարեկամութեան վերահաստատում

Պէյրութի միակ հայկական Համալսարանի՝ Հայկազեանի Նախագահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի   պաշտօնական էջէն կը կարդանք՝ 

Դոկտ. Ռիատ Օպեժի՝ «Banque BEMO»-ի նախագահ եւ ընդհանուր տնօրէն, ընկերակցութեամբ իր խորհրդական՝ Տիկ. Ժումանա Հոպէյքայի, այցելեցին  Հայկազեան համալսարան, ուր ընդունուեցան համալսարանի նախագահ՝ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեանի կողմէ։

Այցելութեան առիթով վերահաստատուեցաւ երկու հաստատութիւնները տարիներէ ի վեր իրարու կապող մնայուն եւ սերտ յարաբերութիւնը։ Միաժամանակ, հանդիպումը հնարաւորութիւն ընձեռեց անկեղծ եւ կառուցողական քննարկում ունենալու երկու հաստատութիւններու տեսլականներուն, առաջնահերթութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն շուրջ։