image

Վաղը Լիբանան պիտի ընտրէ նոր Խորհրդարան. Հայկական համայնքը պիտի ներկայացուի 6 աթոռով

Վաղը Լիբանան պիտի ընտրէ նոր Խորհրդարան. Հայկական համայնքը պիտի ներկայացուի  6 աթոռով

2022-ի Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն չորրորդ եւ վերջին փուլը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 15 մայիսին, որուն ընթացքին Լիբանանի 15 ընտրաշրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենան ընտրութիւնները` կազմելու համար երկրին նոր խորհրդարանը:

Երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի սկսին առաւօտեան ժամը 7:00-ին եւ աւարտին երեկոյեան ժամը 7:00-ին:

Թեքնիք առումով, Լիբանանի քաղաքացիները 12 ժամուան ընթացքին ընտրական կեդրոններուն մէջ  պիտի մասնակցին ընտրութիւններուն` քուէարկութեան ընդմէջէն:

Քուէարկութեան համար իւրաքանչիւր քաղաքացի իրեն հետ պէտք է ունենայ իր անձնաթուղթը, կամ անցագիրը (որ պէտք է ուժի մէջ ըլլայ), եւ կամ անձնական իխրաժ քայտը:

Քաղաքացիները պէտք է իրենց հետ անպայման ունենան իրենք քթակապերը, ինչպէս նաեւ քուէարկեն մէկ ընտրացանկի ու իրենց վարկանշային կամ նախընտրութեան քուէն շնորհեն միայն մէկ թեկնածուի, որպէսզի իրենց քուէն ճիշդ նկատուի:

Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ քուէարկութեան ընթացքին խիստ կ՛արգիլուի բջիջային հեռաձայնի գործածութիւնը, հետեւաբար պէտք է խուսափիլ քուէարկութեան սենեակին մէջ բջիջային հեռաձայնը գործածելէ:

Նշենք, որ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան համաձայն, երկուշաբթի, 16 մայիս 2022-ին, Լիբանանի տարածքին գործող սեփական բոլոր դպրոցներն ու կրթական հիմնարկները փակ կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատճառով:

Միւս կողմէ, պէտք է ընդգծել, որ երէկ ամբողջ Լիբանանի տարածքին տեղի ունեցաւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն երրորդ փուլը, որուն ընթացքին ընտրութիւնները կազմակերպող եւ անոր հսկող անձնակազմին անդամները, ինչպէս նաեւ ընտրակեդրոններուն պատասխանատուները քուէարկեցին:

Քուէարկութեան ընթացքին արձանագրուեցան խախտումներ, յատկապէս դէպի քուէարկութեան կեդրոն միջնորդութեամբ մուտք գործելու եւ առաջնահերթութեան իմաստով քուէարկողներուն միջեւ խտրութեան պատճառով:

Կարգ մը ընտրակեդրոններ անմասն չմնացին ելեկտրական հոսանքի ընդհատումէն:

Պէտք է աւելցնել, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի այցելեց քուէարկութեան կեդրոնները, ուր ան հաստատեց, թէ վարչական թէ գումակային առումով ամէն բան յստակ է, քուէարկութեան ձեւը իր կարգին յստակ է եւ բացատրուած պէտք եղած ձեւով:

Յայտնենք, որ Պէյթէտտինի մէջ քուէարկած պաշտօնեաներուն թիւը հասաւ 1022¬ի` 1207 հոգիէն:

 

Լուրի պատրաստութեան համար օգտուած ենք՝ «Ազդակ»էն: